ԵՐԵՒԱՆ.– ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, 7 Մարտին, ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի 5րդ յարկի դահլիճին մէջ («Գիւլբենկեան 38») տեղի պիտի ունենայ «Պահանջատիրութեան գործընթացը եւ երիտասարդութիւնը» խորագիրով երիտասարդական սեմինար: Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծրագիրներուն։
«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման 100ամեայ գործընթացը եւ ՀՅԴ պահանջատիրական դիրքորոշումն այս գործընթացում» թեմայով բանախօսութեամբ հանդէս պիտի գայ 2008-2015ին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պատմաբան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Լեւոն Մկրտչեանը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հայկական հարցի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան բաժնի վարիչ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արմէն Մարութեան պիտի ներկայացնէ «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման 100ամեակի համահայկական հռչակագրի էութիւնը եւ նրա ազդեցութիւնը հետագայ գործընթացի վրայ» նիւթը:
Այս առիթով ՀԵՄի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Պահանջատիրութեան գործընթացը եւ երիտասարդութիւնը» խորագրով սեմինարի նպատակն է հայ երիտասարդութեան շրջանում Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման գործընթացի վերաբերեալ գիտելիքներ սերմանելը, համապատասխան քննարկում կազմակերպելը, լաւագոյն մասնագէտների միջոցով վերոնշեալ հարցերի շուրջ կարծիքներ ձեւաւորելը:
Երիտասարդութիւնը հնարաւորութիւն կ՛ունենայ անմիջական շփումով կապ հաստատելու եւ իրեն յուզող հարցերի պատասխանները ստանալու բանախօսներից: Այս սեմինարը եւս մի հարթակ է՝ համագործակցութեան դաշտ ստեղծելու եւ գիտակից ու կրթուած հայ երիտասարդներին համախմբելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման գործընթացի շուրջ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.