«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Երեսուն տարի առաջ, Մարտ 28, 1985ին Դաշնակցական մեր ղեկավար ընկերը դաւադիր գործողութեամբ առեւանգուեցաւ եւ ի վերջոյ նահատակուեցաւ հայանուն ոճրագործներու ձեռամբ:
Հրապարակագիր, «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»ի գլխաւոր խմբագիր Սարգիս Զէյթլեանին հետ աշխատած Նազարէթ Պէրպէրեանը արդարօրէն կը բնութագրէ Զէյթլեանը՝ իբրեւ «Մարդու, Հայու եւ Դաշնակցականի յանդուգն մարմնաւորումը հանդիսացող» գործիչ:
Այս մարդուն յիշատակը յարգելու եւ անոր մտաւորական, հասարակական մեծ վաստակը փառաւորելու համար, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կը հրաւիրէ ձեզ ներկայ ըլլալու Կիրակի, Մարտ 29ի հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, 500 South Central Ave, Glendale, երեկոյեան ժամը 5ին: Պիտի գործադրուի պատշաճ ծրագիր:
Միացէք մեզի՝ յարգելու համար այն մեծ գործիչը, որուն շունչով, դարձեալ Նազարէթ Պէրպէրեանի ճշգրիտ բառերով՝ «Հայաստանի անկախութեան վերանուաճումին եւ հայոց ազգային պետականութեան լիիրաւ վերականգնումին սեւեռող դաշնակցական ռազմավարութիւնը իր նորօրեայ հունաւորումը ստացած է»:
Մուսա Լերան Ազնիւ զաւակ