ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Մարտ 17ին կրկին խօսած է Ատրպէյճանի «եղբայրներու իրաւունքները» պաշտպանելու մասին:
«Ատրպէյճան Թուրքիոյ համար սովորական պետութիւն չէ. մենք կը խօսինք նոյն լեզուով, ունինք նոյն պատմական անցեալը. եղբայրներ ենք ոչ միայն խօսքով, այլեւ՝ գործով: Մենք մէկ ազգ ենք՝ երկու պետութիւն», յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը, Հայտար Ալիեւի անուան վարժարանի բացման արարողութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Կարսի մէջ:
Էրտողան նաեւ ըսած է. «Մենք ոչ մէկուն հետ չենք թշնամանար, սակայն մեր պարտքն է պաշտպանել մեր եղբայրներուն իրաւունքները եւ պատասխանատուութեան կանչել՝ թափուած արեան համար»:
Թուրքիոյ նախագահը վստահեցուցած է, որ Թուրքիա միշտ եղած է իր եղբայրներուն հետ եւ ապագային եւս անոնց կողքին պիտի ըլլայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.