ԵՐԵՒԱՆ.– Լիբանանի «Սաֆիր» օրաթերթի լրագրող Տէօնիզ Աթալան, որ Երեւանի մէջ կը մասնակցի «Արարատի ստորոտին» տեղեկատուական ֆորումին, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ թէեւ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կը գտնուի, սակայն ըլլալով լիբանանցի լաւապէս կը ճանչնայ հայերը եւ գիտէ, որ պահանջատէր են:
«Լիբանանահայութիւնը եւ այստեղի հայութիւնը արթուն են եւ պահանջատէր, ոչ ոք մոռցած է տեղի ունեցածը: Շնորհիւ լիբանանահայերուն Լիբանանի արաբները եւս քաջատեղեակ են 1915ին տեղի ունեցած դէպքերուն մասին, եւ թէ հայութիւնը որքան համախմբուած է այս հարցին գծով», յայտնած է լիբանանցի լրագրողը։
Թրքական «Զաման» թերթի լրագրող Սերուեթ Եանաթման լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին չէ ուզած անդրադառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ նշած է, որ այդ առնչութեամբ չ՛ուզեր իր կարծիքը արտայայտնել, սակայն դիտել տուած է, որ երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է երկու երկիրներուն միջեւ: «Ես հոս չեմ գտնուիր այս նիւթին առնչութեամբ լուսաբանութեան կամ տեսակէտներու փոխանակման համար, բայց ես տարածաշրջանային թեմաներ լուսաբանող լրագրող եմ եւ սովորաբար երկու կողմերուն կարծիքները կը ներկայացնեմ: Երրորդ անգամ ըլլալով Հայաստան կը գտնում, եւ կը պարզուի, որ հայ եւ թուրք ազգութիւնները իրականութեան մէջ ընդհանուր բազմաթիւ բաներ ունին», դիտել տուած է ան:
Ռուսիոյ հանրային պատկերասփիւռի ընկերութեան լրագրող Լէոնիտ Մլեչինը նշած է, որ ռուսերը կը գիտակցին, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հետեւանք է Համաշխարհային Ա. պատերազմին:
«Ռուսիոյ մէջ բոլորս կը ցաւինք կատարուածին համար: Ռուսիան միշտ Հայաստանի կողքին եղած է եւ իր կարելին ըրած է Համաշխարհային Ա. պատերազմին ատեն, անկէ ետք ալ միշտ եղած է Հայաստանի լաւ դաշնակիցն ու բարեկամը։ Այս բոլորին մասին պէտք է պատմել նոր սերունդին, որպէսզի ան իրազեկ ըլլայ իրականութիւններուն», նշած է ռուս լրագրողը։
Ինչ կը վերաբերի ֆորումին, ապա ռուս հաղորդավարը նշած է, որ անիկա շատ կարեւոր է, որովհետեւ լրագրողները պէտք է կապ հաստատեն իրարու հետ։
«Մենք պէտք է հանդիպինք, գիտնանք ով ի՛նչ կ՛ընէ, ի՛նչն է օգտաշատը։ Այսօր լրագրութիւնը վատ վիճակի մէջ է, ամէն կողմէ յարձակում կը գործեն պլոկըրները, համացանցը կ՛ուզէ գրաւել ժամանակակից տեղեկատուութեան տեղը, բայց չեմ կարծեր, որ կրնայ փոխարինել: Ես կը հաւատամ լրագրութեան ապագային եւ վստահ եմ, որ հոս հաւաքուած լրագրողները եւս այս հաւատքը ունին», յայտնած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.