Ըստ թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ անոր պաշտօնակից Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան անդրադարձած են նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին: Թուրքիոյ նախագահը կրկնած է, թէ Թուրքիա Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով կողմնակից է պատմութիւնը «արդար յիշողութեան հեռանկարով դիտարկելու»ն: Ան Հայաստանը մեղադրած է նախ «խաղաղութեան կոչերը անտեսելուն», ապա՝ պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողով ստեղծելու մասին Թուրքիոյ առաջարկը մերժելուն համար:
Մարտ 20ին, Էրտողանի Ուքրանիա կատարելիք այցելութեան սեմին կայացած սոյն զրոյցին ընթացքին, զրուցակիցները քննած են ուժանիւթի ոլորտին, ինչպէս նաեւ Խրիմի թաթարներու կարգավիճակին եւ ուքրանական ճգնաժամին առնչուող հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.