ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրէին աշխարհի ոչ-պաշտօնական մայրաքաղաք Նիւ Եորքը անցեալ շաբաթ դարձաւ հայկական ձեռնարկներու մեծ կեդրոն:
Մարտ 10ին Նիւ Եորքի «Քառնըկի» ընկերակցութեան նախագահ Վարդան Գրիգորեան, գործարարներ Ռուբէն Վարդանեան (Մոսկուա) եւ Նուպար Աֆէեան (Պոսթըն) ազդարարեցին «100 Կեանք» (100 Lives) նախաձեռնութեան մեկնարկը:
Կազմակերպիչները կը նախատեսեն հաւաքել ուշագրաւ պատմութիւններ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու եւ անոնց փրկիչներու, ներառեալ՝ որոշ թուրքերու մասին:
«100 Կեանք» նախագիծը կը սահմանէ 1 միլիոն տոլար արժողութեամբ ամէնամեայ մրցանակ, որ պիտի յանձնուի այն անձերուն, որոնք իրենց կեանքը վտանգի ենթարկելով՝ փրկած են այլոց կեանքը աշխարհի որեւէ մասի մէջ: 24 Ապրիլ 2016ին Երեւանի մէջ յայտնի դերասան եւ հասարակական գործիչ Ճորճ Քլունին պիտի յանձնէ առաջին «Մարդկութեան զարթօնքին համար «Օրորա» մրցանակ»ը։ Կ՛ակնկալուի, որ յաղթողները այս մրացանակին, որ կոչուած է ի պատիւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Օրորա (Արշալոյս) Մարտիկանեանի, որ 1919 թուականին դեր ստանձնած էր «Յօշոտուած Հայաստան» շարժապատկերին մէջ, 1 միլիոն տոլար մրցանակը պիտի փոխանցեն որեւէ կազմակերպութեան, որուն գործունէութենէն անոնք ամէնէն շատ ոգեշնչուած են իրենց մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն մէջ:
Այս յատուկ մրցանակի ընտրող յանձնաժողովի համանախագահներն են Ճորճ Քլունին եւ Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Էլի Ուիզելը: Յանձնաժողովի կազմին մէջ ընդգրկուած են Քոսթա Ռիքայի նախկին նախագահ Օսքար Արիասը, ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու հարցերով նախկին գերագոյն յանձնակատար Մերի Ռապինսընը, Ցեղասպանութեան հարցերով ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարի խորհրդական Կարեթ Իվընզը, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Հինա Ճիլանին եւ դոկտ. Գրիգորեանը:
«100 Կեանք» նախագիծին հիմնադիրները նաեւ կը նախատեսեն իրականացնել աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու արխիւներուն մէջ պահուող Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ միլիոնաւոր փաստաթուղթերու թուայնացման հսկայական աշխատանքը:
Ձեռնարկի մեկնարկին ներկայ էին հոլիվուտեան հանրաճանաչ աստղեր, Նիւ Եորքի անուանի անձնաւորութիւններ եւ յայտնի լրագրողներ «Սի.Էն.Էն.»էն, «Սի.Պի.Էս. 60 Վայրկեան» պատկերասփիւռի յայտագիրէն եւ «Թայմզ» շաբաթաթերթէն: Ճորճ Քլունին եւ Ռուբէն Վարդանեանը մասնակցեցան քննարկման մը, զոր կը վարէր «Ուաշինկթըն Ուիք»ի գլխաւոր խմբագիր եւ «Փի.Պի.Էս. Նիուզ Աուըր» պատկերասփիւռի յայտագիրի համահաղորդավար ու համախմբագիր Կուէն Այֆըլը:
Այստեղ համառօտ հատուածներ՝ Ճորճ Քլունիի ելոյթէն.
«Հայաստանի մասին տեղեկացայ իմ ընկերներէս մէկուն՝ Պապ Մանուկեանի միջոցով, որ հաւանաբար օգտուելով այն ժամանակուան իմ անտեղեակութենէն՝ ըսաւ. «Դուն ծանօթ ես որոշ ծերակուտականներու, հաւանաբար կրնաս խօսիլ անոնց հետ՝ Ծերակոյտին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը քննարկելու համար»: Ես փորձեցի… Այնքան ալ յաջող չեղաւ, ինչպէս կը պատկերացնէք: Պարզուեցաւ՝ մենք քանի մը ռազմակայան ունինք Թուրքիոյ մէջ, որուն մասին ես չէի գիտեր: Ինճիրլիք, ո՞վ պիտի իմանար… Ես ցնցուած էի: Եւ այդպէս, սկսայ աւելի շատ տեղեկանալու Հայաստանի մասին, ընկերական կապերու միջոցով: Ես դանդաղ յառաջ կ՛երթայի այս գործին մէջ… Միայն այն պատճառով, որ «ցեղասպանութիւն» բառը յօրինուած էր 30 տարի աւելի ուշ, չի նշանակեր, որ անիկա տեղի չէ ունեցած… Կինս չէր գիտեր, որ ես կը հանդիպէի Ռուբէնին հետ: Ան Սթրազպուրկ մեկնելու պատրաստութիւններուն մէջ էր՝ Եւրոպական դատարան, որպէսզի պայքարի իսկական հայկական հետաքրքրական գործին համար: Երբ Լոս Անճելըսի մէջ ինքնաշարժս կը կանգնեցնէի, կանգառի աշխատակիցները բոլորը հայեր էին, անոնք կը մօտենային ինծի ու կ՛ըսէին. «Ես պիտի ուզէի համբուրել ձեր կինը… Դուք կարիք չունիք վճարելու»։
«100 Կեանք» նախագիծին մեկնարկը լուսաբանուեցաւ միջազգային լրատուամիջոցներու, ներառեալ՝ «Նիւ Եորք Թայմզ»ին կողմէ: Ես զարմացած էի, երբ Ուաշինկթընի մեծ թերթիի՝ «Տը Հիլ»ի առաջին էջին տեսայ իմ լուսանկարը՝ Ճորճ Քլունիի հետ ձեռք սեղմելու պահուն: Ամալ Քլունիի հետ զրոյցի ընթացքին ես երախտագիտութիւն յայտնեցի անոր՝ վերջերս Սթրազպուրկի մէջ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ նշանաւոր միջազգային փաստաբան Ճեֆրի Ռոպերթսոնի հետ միասին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնելուն համար:
Նոյն շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի «Պատասխանատուութիւն 2015» համաժողովը, որ տեւեց երեք օր, եւ որուն աշխատանքներուն մասնակցեցան ամբողջ աշխարհէն շուրջ 50 հանրայայտ մտաւորականներ, իրաւաբաններ, գրողներ, արուեստագէտներ, լրագրողներ եւ հասարակական գործիչներ, որոնք լուսաբանեցին տարբեր ցեղասպանութիւններու հետ կապուած հարցեր: Նշանաւոր բանախօսներու շարքին էին՝ Դաւիթ Պալապանեան, Դաւիթ Պարսամեան, Էրիք Պօղոսեան, Քրիս Պոհճալեան, Իսրայէլ Չառնի, Տէյվիտ Կոնտ, Արամ Համբարեան, Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Ռայմոնտ Գէորգեան, Չարլի Մահտեսեան, Մարք Մամիկոնեան, Խաչիկ Մուրատեան, Մերի Փափազեան, Ճեֆրի Ռոպերթսոն, Ռոժէ Սմիթ եւ Հենրի Թերիօ: Ինծի համար մեծ պատիւ էր գտնուիլ նման նշանաւոր մարդոց շրջապատին մէջ եւ զեկուցել «Անհատական ու խմբային փոխհատուցման» մասին:
Համաժողովի զեկուցողներու շարքին էին նաեւ քանի մը թուրք մտաւորականներ, որոնք շատ բովանդակալից զեկոյցներ ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը