Շ. Մ.
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ
Հռոմի հռչակաւոր «Վիթթորիանօ» իտալական Վերածնունդի թանգարանային համալիրի կեդրոնական ցուցասրահին մէջ, Մարտ 5ին ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի, Հռոմի քաղաքապետ Ինիացիօ Մարինոյի, Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Սարգիս Ղազարեանի, Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեանի, համալիրի տնօրէն Ալեսանտրօ Նիկոզիայի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ «Հայաստան. Տապանի Ժողովուրդ» ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման արարողութիւնը: Ցուցահանդէսը կազմակերպեցին ՀՀ Մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Իտալիոյ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնները՝ Մխիթարեան միաբանութեան եւ Իտալիոյ Հայոց միութեան գործակցութեամբ:
Ձեռնարկին ներկայ եղան հարիւրաւոր այցելուներ, որոնց մէջ նաեւ Իտալիոյ քաղաքական-հասարակական գործիչներ, ծերակուտականներ եւ երեսփոխաններ, դիւանագէտներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, «Վիթթորիանօ» համալիրի տնօրէն Ալեսանտրօ Նիկոզիա, դեսպան Սարգիս Ղազարեան:
Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ Մայիս 3: Եօթը անջատ բաժիններու ցուցանմոյշները եւ տեսանիւթերը կը ներկայացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստագրական նիւթեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ընդունումը, հայ գիրերու գիւտը, հայկական մատենագրութիւնը, ճարտարապետութիւնը եւ արուեստը, հայ եւ իտալացի ժողովուրդներու դարաւոր յարաբերութիւններն ու Իտալիոյ մէջ հայկական մշակոյթի հարուստ ներկայութիւնը:
Ցուցահանդէսի բացումին նախորդեց Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանին, Իտալիոյ նախագահի մշակութային արժէքներու պահպանման հարցերու խորհրդական փրոֆ. Լուի Կոտարի, իտալահայ ծանօթ դերասան Փաօլօ Քեսիսօղլուի մամլոյ ասուլիսը, որուն ներկայ եղան իտալական զանգուածային լրատուական միջոցներու 50է աւելի ներկայացուցիչներ:
Դեսպան Ղազարեան անդրադարձաւ նաեւ Իտալիոյ մէջ հայկական համայնքներու պատմութեան եւ Իտալիոյ զարգացման՝ անոնց բերած նպաստին: Ան նաեւ յիշատակեց իտալացի շարք մը համբաւաւոր քաղաքական-հասարակական գործիչներ, ինչպէս՝ Իտալիոյ վարչապետ Լուիճի Լուցաթին, Ելեւմտական նախարար Ֆիլիփփօ Մետան, Անթոնիօ Կրամշին, Տրապիզոնի մօտ Իտալիոյ հիւպատոս Ճիաքոմօ Կորինին, որոնք 1915-16 թուականներուն դատապարտած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ոճրագործութիւնը:
Փրոֆ. Լուի Կոտար ընդգծեց ցուցահանդէսին կազմակերպման կարեւորութիւնը, հայկական քաղաքակրթութիւնը համարելով եւրոպական քաղաքակրթութեան բաղկացուցիչ մէկ մասը:
Ան Հայոց Ցեղասպանութիւնը բնութագրեց որպէս «մարդկութեան պատմութեան ամէնէն մութ էջերէն մէկը» եւ նշեց, որ հայ ժողովուրդը իրեն հանդէպ գործուած բռնութիւններուն պատասխանած է հզօր մշակոյթով՝ մէջբերելով հայ երկու կիներու կողմէ Ցեղասպանութեան օրերուն «Մշոյ Ճառընտիր» աւետարանի փրկութեան պատմութիւնը:
Հուսկ, Փաուլօ Քեսիսօղլու հատուածներ ընթերցած է հայ ժողովուրդի մասին Ուիլիըմ Սարոյեանի խօսքերէն:
ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ «ՖԻԼՄԱԴԱՐԱՆ»՝ ՊԵՐԼԻՆԻ «ՄԱՔՍԻՄ ԿՈՐՔԻ» ԹԱՏՐՈՆԻՆ ՄԷæ
Պերլինի «Մաքսիմ Կորքի» թատրոնին մէջ Մարտ 7ին սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած 40օրեայ ձեռնարկներու շարքը:
Ֆրետ Քելեմանի ղեկավարութեամբ ցուցադրուող «Պաղատանք. Յիշողութեան Ֆիլմադարան» ժապաւէններու շարքի ներկայացման նպատակն է Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին ոգեկոչումը: Այս կապակցութեամբ մինչեւ Ապրիլ 25 թատրոնին մէջ պիտի ցուցադրուին հայկական ֆիլմեր, բեմադրուին ներկայացումներ եւ կազմակերպուին համապատասխան ցուցահանդէսներ:
Բացման արարողութեան տեղի ունեցաւ «Յօշոտուած Հայաստան» (կամ՝ «Հոգիներու Աճուրդ») ժապաւէնի 24 վայրկեաննոց հատուածին ցուցադրութիւնը:
Այնուհետեւ բացումը կատարուեցաւ արժանթինահայ արուեստագէտ Սիլվանա Տէր Մկրտիչեանի նկարներու ցուցահանդէսին:
Ելոյթներ ունեցան գերմանահունգարացի բեմադրիչ, հեղինակ Ֆրետ Քելեման եւ «Մաքսիմ Կորքի» թատրոնի ղեկավար Շերմին Լանկհոֆ:
Պերլինի Ազատ համալսարանի պատմաբան, իսլամագէտ Էլքէ Հարթման իր խօսքին մէջ հակիրճ կերպով ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող պատմական փաստեր:
Երեկոյեան, հանդիսատեսներուն ներկայացուեցաւ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը» գիրքին բեմականացումը՝ բեմադրիչ Հանս Վերներ Քրէօսինկերի գլխաւորութեամբ:
Երաժիշտ Մարք Սինաս ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի կեանքի ողբերգութեան մասին պատմող իր նոր նախագիծը:
Բացման արարողութեան ներկայ էին Գերմանիոյ մէջ ՀՀ գործակատար Ա. Սմբատեան, շարժապատկերի քանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան, դերասանուհի Արսինէ Խանճեան, Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիր, Պունտեսթակի երեսփոխաններ:
ԼԱ ՀԷՅԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵՑԱՒ «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ 100 ՏԱՐԻ ԱՆՑ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ
Մարտ 6էն 7, Լա Հէյի (Հոլանտա) «Կլոպալ» արդարադատութեան հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան ժառանգութիւնը 100 տարի անց» խորագիրով խորհրդաժողովը, որ կազմակերպուած էր Հոլանտայի «ՆԻՈՏ» Պատերազմի, Հոլոքոսթի եւ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին եւ «Հարիւրամեակի Նախագիծ» հիմնադրամին կողմէ:
Խորհրդաժողովի նախօրեակին՝ Մարտ 5ին, Լա Հէյի «Մարդկութեան Տուն» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ քննարկում մը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Մեծ Մօրս Դաջուածքները» ժապաւէնը: Գլխաւոր ելոյթը ունեցողը եղաւ դոկտ. Ռոնալտ Սիւնի, ապա իր դիտարկումները ներկայացուց դոկտ. Ուղուր Իւմիթ Իւնկէօր:
Իսկ Մարտ 6-7ի խորհրդաժողովին ընթացքին ելոյթ ունեցան ծանօթ գիտնականներ ու ուսումնասիրողներ, որոնք տարբեր դիտանկիւններէ քննարկեցին Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքները եւ այն դասերը, զորս պէտք է քաղել ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար:
THE CUT ՖԻԼՄԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐԸՆՈՊԼԻ ՄԷՋ
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծիրին մէջ Կրընոպլի (Ֆրանսա) հաւաքականը կը կազմակերպէ նաեւ շարժանպատկերի ցուցադրութեան զանազան երեկոյթներ, որոնց համակարգումի գլխաւոր պատասխանատուութիւնը ստանձնած է տեղւոյն Հայ մշակոյթի տան եւ նոյն հաւաքականի անդամուհի Աստղիկ Փալոյեան: Անոնցմէ առաջինը՝ ծագումով թուրք բեմադրիչ եւ բեմագիր Ֆաթիհ Աքընի «The Cut» ժապաւէնն էր, որ ներկայացուեցաւ Փետրուար 10ի երեկոյեան, Սեն Մարթան տ՛Հերի «Mon Cine» սրահին մէջ, հայ եւ տեղացի մեծաթիւ բազմութեան ներկայութեան: Յայտնենք, թէ այս ֆիլմին համար բեմադրիչը արժանացած է «Տուկլաս Սիրք» մրցանակին:
Ցուցադրութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի եւ վկայութեան բաժին մը: