
ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Օրենճ գաւառի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքները եւ անոնց նպատակով դրամահաւաքի աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են։ Վերանորոգութեան յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Կիւլճեան կը յայտնէ, թէ չորս հանգրուանի վրայ երկարող սոյն աշխատանքին նպատակն է վերաշխուժացնել ամբողջ համայնքը։
Դրամահաւաքի աշխատանքներու ծիրէն ներս, Մարտ 22ին, Նիւփորթ Պիչի «Այլընտ» պանդոկին մէջ տեղի պիտի ունենայ ձեռնարկ մը՝ համագործակցութեամբ շրջանի Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանին. այդ մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (714) 839-7729 թիւին։
Համայնքը ցարդ հաւաքած է աւելի քան 500,000 տոլար եւ նպատակ ունի այդ գումարը հասցնելու մէկ միլիոն տոլարի։ Ցարդ, գլխաւոր նուիրատուներն են՝ Ճիւլիըն եւ Ալին Մովսէսեաններ (150,000 տոլար), Լեւոն եւ Զարուհի Ղուկասեաններ (100,000 տոլար), Տիգօ եւ Փեկի Սուլահեաններ (50,000 տոլար), Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեաններ (40,000 տոլար) ու Ճորճ եւ Սիրուն Ճեմայէլ (25,000 տոլար)։
Նշենք, որ այս նպատակով անդրանիկ ձեռնարկը կայացաւ Փետրուար 8ին, Ղուկասեաններու բնակարանին մէջ, գոյացնելով 175,000 տոլար տպաւորիչ գումարը։