Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Արին Ղազարեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ բարի գալուստ մաղթեց անոնց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած սոյն դասախօսական ձեռնարկին ներկայ գտնուելնուն համար: Ղազարեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց եգիպտացի անուանի հայագէտ, պատմաբան դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամին, որ ընդառաջեց օրուան գլխաւոր բանախօսը ըլլալու միութեան առաջարկին: «Դոկտ. Իմամ արաբական աշխարհին մէջ այն հազուագիւտ անձնաւորութիւններէն է, որ իր ձայնը բարձրացնելով օժանդակած է խլուած իրաւունքները իրենց սեփականատէրերուն վերադարձնելու պայքարին», շեշտեց Ղազարեան:
Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց «Հայաստան» եւ «Յուշարձաններ» երգերը, զորս ներկայացուց Գէորգ Պեպեճեան՝ դաշնակի վրայ Ժաննա Սահակեանի ընկերակցութեամբ, իսկ Արմէն Քեչեկ դաշնակի վրայ ներկայացուց Առնօ Պապաճանեանէն երկու կտորներ:
Օրուան բանախօսը նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸի «Անդրանիկ» մշակութային միութեան՝ զինք սոյն դասախօսական երեկոյին մասնակցելու հրաւիրելուն համար:
Ան օրուան դասախօսութիւնը բաժնած էր երկու հիմնական մասերու: Առաջինը յատկացուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան, իսկ երկրորդը՝ արաբական երկիրներուն եւ յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ Օսմանեան կայսրութեան բռնատիրական քաղաքականութեան: Բանախօսը մանրամասնօրէն պատմական իրողութիւնները ներկայացնելէ ետք իր խօսքը եզրափակեց՝ նշելով. «Պատմութեան մէջ Ճեմալ փաշան արժանացած է «ջարդարար» (սաֆֆահ) անուանումին՝ իբրեւ արդիւնք իր գործած անմարդկային բոլոր տեսակի ոճրագործութիւններուն: Նոյնպէս Թալէաթ փաշային անունը կը հաւասարի «մարդասպան» տիտղոսին»:
Դասախօսական երեկոյի աւարտին ՀԵԸի վարչութեան ատենապետը՝ Վիգէն Չերչեանը, օրուան բանախօսը՝ դոկտ. Իմամը պարգեւատրեց յուշանուէրով մը:
Նշենք, որ դոկտ. Իմամ 2011ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուած է շքանշանով եւ երախտագիտական վկայականով մը, իսկ 2010ին Նիւ Եորքի մէջ ՀԵԸի կողմէ ստացած է «Կարպիս Փափազեան» մրցանակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.