Աւազանի անունով՝ Անդրանիկ, տէր հայրը ծնած է Հալէպ, 1953ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանէն: 1972-74, ուսած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան քահանայից դասարանը եւ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք՝ ձեռնադրուած է սարկաւագ: Ապա Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքի Նուպարեան Ազգային վարժարանին մէջ ծառայած է որպէս տնօրէն եւ ուսուցիչ՝ հայ լեզուի եւ կրօնագիտական նիւթերու:
1976ին փոխադրուած է Հալէպ եւ որպէս սարկաւագ շարունակած է իր ծառայութիւնը: 1982ին ամուսնացած է. ան հայր է երեք մանչ զաւակներու: 1987ին քահանայ ձեռնադրուած է Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ՝ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի ձեռամբ, եւ ծառայած է նոյն եկեղեցւոյ մէջ:
1997ին կը մեկնի Յունաստան եւ կը շարունակէ իր քահանայագործութիւնը: 2001ին կը ժամանէ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմ: Երկու տարի որպէս այցելու հովիւ ծառայելէ ետք, 2003ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի կողմէ կը նշանակուի հոգեւոր մատակարարը Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ, ապա՝ հոգեւոր հովիւ Լաս Վեկասի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ ծուխին:
Շուրջ վեց ամիս ետք, Լոս Անճելըս վերադառնալով՝ կը շարունակէ իր այցելու հովիւի պաշտօնը, յատկապէս Ուիթիըրի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ, Սանթա Քլարիթայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ եւ Միշըն Հիլզի «Արարատ տան» մէջ: 2006էն ի վեր, ան հոգեւոր հովիւն էր Սաքրամենթոյի Սուրբ Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.