Առաւօտեան ժամը 5ին սկիզբ առած ուխտագնացութիւն-երթը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակին:
Մարզիկ Լեւոն Թաշճեան Այնճարէն սկսած իր ուխտագնացութեամբ անցաւ Զահլէի լեռներով, Թարշիշի վրայով հասաւ Պիքֆայա, ուր կանգ առաւ Պիքֆայայի Մեծ Եղեռնի նահատակներու յուշարձանին մօտ: Իր յարգանքի տուրքը մատուցելէ ետք, ան ուղղուեցաւ դէպի Ռապիէ գտնուող թրքական դեսպանատուն: Մարզիկ Լեւոն Թաշճեան գրած էր հայերէնով նամակ մը, որ իր պնդումներով եւ երկար ձգձգումներէ ետք, կարելիութիւնը ունեցաւ յանձնելու թրքական դեսպանատան պաշտօնեաներէն մէկուն: Նամակի յանձնումէն ետք ան ուղղուեցաւ դէպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան, ուր իր աւարտին հասաւ ուխտագնացութիւն-երթին առաջին օրը:
Չորեքշաբթի, 8 Ապրիլին, Թաշճեան իր երթին սկսաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն: Ան ուղղուեցաւ դէպի Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ, որմէ ետք՝ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր դիմաւորուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի կողմէ:
Ուխտագնացութիւն-երթը Պուրճ Համուտէն շարունակուեցաւ դէպի Այնթուրա, որմէ ետք Ժիպէյլ, ուր իր աւարտին հասաւ երկրորդ օրը:
Նշենք, որ երթի ընդհանուր երկարութիւնը 125 քմ. է, որմէ 100 քմ.ը մարզիկը նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, իսկ 25 քմ.ը՝ Մուսա լերան 18 նահատակներուն:
Յայտնենք նաեւ, որ մարզիկ Լեւոն Թաշճեան 63 տարեկան է եւ մինչեւ այսօր կը մասնակցի մարաթոններու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.