Մոսկուայի հայկական թանգարանը իր դռները այցելուներուն առջեւ պիտի բանայ Ապրիլ 22ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ցուցադրութեամբ:
Մոսկուայի Հայկական թանգարանի բացման նուիրուած ասուլիսի մը ընթացքին, Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեանը յայտնած է, որ Հայկական թանգարանի ստեղծումը Մոսկուայի եկեղեցական համալիրին մէջ կը կրէ երկու խորունկ գաղափար։ Անիկա կը խորհրդանշէ եկեղեցւոյ միաւորող դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ կը մարմնաւորէ եկեղեցւոյ յաւերժ պայքարը չարին դէմ:
Ըստ Եզրաս արք. Ներսիսէանի, թանգարանը կը խորհրդանշէ եկեղեցւոյ յաւերժ պայքարը չարին դէմ. «Մենք բոլորս կը գիտակցինք եկեղեցւոյ դերն ու նշանակութիւնը ազգային ինքնորոշման, մշակոյթի, պահպանման գործին մէջ, գիտենք նաեւ այն, որ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին շատ արհաւիրքներ տեսած է, սակայն այն, ինչ տեղի ունեցաւ 1915ին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ, աննկարագրելի է: Այս տարի Ցեղասպանութեան 100ամեակն է, եւ մենք չէինք կրնար կեանքի չկոչել այնպիսի նախագիծ մը, ինչպիսին է Մոսկուայի Հայկական թանգարանը: Անիկա կը ներկայացնէ իրադարձութիւնները եւ արժէքները, որոնք որոշիչ եղած են մեր ազգի գոյութեան համար: Թանգարանը կը քարոզէ համամարդկային արժէքներ՝ բարութիւն, խաղաղութիւն, փոխըմբռնում ու սէր»:
Մոսկուայի Հայկական թանգարանը Հայաստանի սահմաններէն դուրս իրագործուած ամենամեծ թանգարանային նախագիծն է: Հակառակ հայկական մեծ Սփիւռքի գոյութեան՝ այսպիսի թանգարաններուն թիւը աշխարհի մէջ շատ քիչ է:
ԱՊՀ երկիրներու հիմնարկի տնօրէն Կոնստանտին Զատուլին թանգարանի ստեղծման հետ կապուած իր գնահատականներուն մէջ օգտագործած է պատմական զուգահեռներ, ընդգծելով այն փաստը, որ Ռուսիան յետ խորհրդային առաջին պետութիւնն է, որ պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը. «Հայկական Սփիւռքը հարիւրամեակներու պատմութիւն ունի եւ արդէն շատ աւանդոյթներ մշակած է: Շատ հայերու համար Ռուսիան դարձած է երկրորդ հայրենիք, որուն զարգացման համար անոնք մեծ ներդրում ունեցած են: Արեւելագիտութեան հիմքը Ռուսիոյ մէջ դրած են հայ մասնագէտները, թարգմանիչները: Նման թանգարանի ստեղծումը հայկական եկեղեցւոյ համալիրին մէջ հնարաւորութիւն պիտի տայ բոլոր ազգութիւններու ներկայացուցիչներուն այցելելու, տեսնելու, ծանօթանալու Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի պատմութեան»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.