Աւստրալիական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթի կայքը կը գրէ, որ «Փրինս Ալֆրետ» հիւանդանոցի վիրաբոյժ Ռաֆֆի Գասապեան 10 տարիէ ի վեր կը հսկէ Հայաստանի մէջ երակային վիրաբուժութեան առաջին բժիշկը նախապատրաստելու աշխատանքին:
10 տարի առաջ, Հայաստան կատարած իր առաջին այցելութեան ժամանակ, Ռաֆֆի Գասապեան երբեք չէր երեւակայեր, որ կեանքեր փրկելու եւ երիտասարդ վիրաբուժերու պատրաստութեան հսկելու իր առաքելութիւնը այսքան դժուար պիտի ըլլար:
Տոքթ.Գասապեան անցնող տասնամեակին ընթացքին տարին երկու անգամ ճամբորդած է իր ծնողներուն ծննդավայրը՝ Հայաստան, կեանքեր փրկելու համար կատարելով ներերակային գործողութիւններ, դարմանելու համար արեան վնասուած երակները՝ կանխարգիլելով կաթուածները:
Աւստրալիա ծնած տոքթ. Գասապեան, որ քաղաքի Քլիփ շրջանէն է, ընտանիքին մէջ ստացած է ազգային դաստիարակութիւն եւ իր նպատակը դարձուցած է Հայաստանին օգտակար ըլլալը:
Ան կը յայտնէ, որ 2004ին, երբ առաջին անգամ Հայաստան գացած է, այն սպասումը ունեցած է, որ ներերակային դարմանումը Հայաստան ներմուծող ասպետ մը ըլլայ, սակայն այդ սպասումը շուտով չքացած է, երբ ծանօթացած է իր առջեւ ծառացող հսկայական գործին: Ան կը նշէ, որ երակներու գործողութիւնները երկու տեսակի են՝ ներերակային, ուր փոքր ծակ մը կ՛օգտագործուի, եւ բաց գործողութիւն, ուր բաց վէրքեր կը յառաջանան: Ան շշմած է տեսնելով, որ Հայաստանի մէջ նախնական եղող այդ երկրորդ տեսակի գործողութիւնն իսկ չկայ:
Թէեւ հիւանդներ զինք սպասելու ընթացքին մահացած են, տոքթ. Գասապեան անցնող 10 տարիներու ընթացքին 2000 հիւանդներ քննած է եւ անոնցմէ 150ը վիրահատած, նոյն ատեն պատրաստած է հայ վիրաբոյժ Էդուարդ Աղիեանը, որ դարմատան աշխատանքին կ՛օժանդակէ:
Անոր երազն է ներերակային վիրահատութեան դպրոց մը բանալ եւ բժշիկներ վարժութիւններու համար Աւստրալիա հրաւիրել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.