
«Նոր Յառաջ».- ՀՅ Դաշնակցութեան «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան տղաքը Ապրիլ 4ի յետմիջօրէի առաջին ժամերուն հաւաքուած են Լիոնի Անթոնէն Փոնսէ հրապարակը, հայ ժողովուրդին համար արդարութիւն եւ հատուցում պահանջելու: Ապա, «Նոր Սերունդ»ականները այնտեղէն անցած են քովի Պելքուռ հրապարակը, ուր պարզած են «Genocide armenien, 100 ans, justice et reparations #AGJR» արձանագրութեամբ պաստառ մը: Այդ պահուն ոստիկանութեան տասնեակ մը կառքեր փութացած են զանոնք ձերբակալելու համար:
Այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ «Նոր Սերունդ» կը դատապարտէ ապահովութեան ուժերուն այս անտեղի եւ չափազանցեալ միջամտութիւնը:
Յիշեցնելէ ետք, թէ Անթոնէն Փոնսէ հրապարակին վրայ գտնուող Ցեղասպանութեան յուշարձանը ցեղապաշտական բնոյթի արձանագրութիւններով պղծուեցաւ դեռ հազիւ քանի մը օր առաջ, «Նոր Սերունդ» կը յայտնէ իր վրդովումը ու կ՛ըսէ, թէ մինչ այդ արարքին հեղինակները, հակառակ նշեալ հրապարակին վրայ զետեղուած հսկողութեան տեսախցիկներուն, չեն ձերբակալուած եւ կը շարունակեն մնալ անպատիժ, անդին՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչումին քանի մը օր մնացած, Հայ Դատի ի նպաստ ցոյց կատարող հայ երիտասարդները կը ձերբակալուին եւ աննուղակի կերպով կ՛ամբաստանուին թուրք պետութիւնը նախատելու յանցանքով:
Հաղորդագրութիւնը կ՛եզրափակուի Թուրքիոյ ուղղուած վճռակամութեան արտայայտութիւններով, նշելով, որ այնքան ատեն որ այդ պետութիւնը պիտի չհատուցանէ իր կատարածին համար, հանգիստ պիտի չունենայ: