ՍԱՆ ՏԻԷԿՕ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց հիմնարկի վարիչ Սալբի Ղազարեան Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած դասախօսութիւն մը պիտի տայ Սան Տիէկոյի հանրային կեդրոնական գրադարանի յատուկ ձեռնարկներու «Շիլի» սրահին մէջ (330 Park Blvd., San Diego, CA 92101, 9րդ յարկ)։
«1915-2015. Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութիւնը հարիւր տարի ետք» խորագրուած դասախօսական այս ձեռնարկը կազմակերպուած է գրադարանին եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սան Տիէկոյի մասնաճիւղի Հայ ուսանողական միութեան համագործակցութեամբ եւ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15ին, երեկոյեան ժամը 6։30ին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.