Փրոֆ. Մելիքեան այս մրցանակին արժանացած առաջին հայ գիտնականն է եւ յատկանշական է, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիի մը զաւակը հանդիսացող դասախօսը մրցանակը կը ստանայ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին։
Նշենք, որ շարք մը այլ մրցանակներու կողքին, փրոֆ. Մելիքեան արժանացած է հեղինակաւոր այլ մրցանակի մը՝ Ճըրոմ Ռիչֆիլտի անուան մտաւորականի մրցանակին, ինչպէս նաեւ Նորթրիճի համալսարանի Արտակարգ դասախօսի մրցանակին։ Ան տարիներու ընթացքին պատրաստած է քիմիագիտութեան, կենսաբանութեան եւ գիտական այլ մարզերու բազմաթիւ ուսուցիչներ։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել՝
www.csun.edu/gmelikyan կայքէջը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.