
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Մարտ 7ի երեկոն յիշատակելի օր մը դարձաւ հարիւրաւորներու համար, որոնք մասնակցեցան Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ կայացած ձեռնարկին, որուն նպատակն էր նեցուկ կանգնիլ Հայ միջազգային բժշկական հիմնադրամին, որ վերջին 12 տարիներու ընթացքին, Հայաստանի մէջ իրականացուած առողջապահական բարեսիրական ծրագիրներով 76 երեխաներու եւ չափահասներու լսելու պարգեւը շնորհած է: Այս նախաձեռնութիւնը մարզած է նաեւ հայ բժիշկներ, որպէսզի իրենք կատարեն նման գործողութիւններ։
Կազմակերպութեան այս տարուան ձեռնարկին ընթացքին մեծարուեցան տոքթ. Աքիրա Իշիյաման (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Բժշկական բաժանմունքի դասախօս, վիրաբոյժ եւ Հայ միջազգային բժշկական հիմնադրամի փոխնախագահ), Հայտի Քրուքս (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հիւանդապահներու վարիչ եւ համալսարանի առողջապահական համակարգի գործողութեանց եւ հիւանդներու խնամքի վարիչի օգնական) եւ Հայ ամերիկեան հիւանդապահներու միութիւնը, որոնք մեծապէս նպաստած են լսելու կարելիութիւնը պարգեւելու արշաւին։
Ձեռնակը սկսաւ լուռ աճուրդով, իսկ ձեռնարկին հանդիսավարն էր Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան։ Տեղի ունեցաւ Հայ միջազգային բժշկական հիմնադրամի գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տեսագրութիւն մը։
Հայ միջազգային բժշկական հիմնադրամի հիմնադիր եւ նախագահ Սալբի Ագարակեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր համակիրներուն եւ լսելու պարգեւը ստացած երախաներու ծնողներուն, որոնք վստահած են ծրագիրին։
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ տոքթ. Աքիրա Իշիյաման՝ շեշտելով այս նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակը։
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) Բժշկական բաժանմունքի հիւանդապահներու միջազգային ծրագիրներու պատասխանատու Սալբի Ագարակեանի նախաձեռնութեամբ եւ համալսարանի բժիշկներուն մասնակցութեամբ Հայաստանի մէջ առողջապահական բարեսիրական աշխատանք իրականացուցած Հայ միջազգային բժշկական հիմնադրամը հիմնուած է 2003ին։ Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել
www.armenianimf.org կայքը կամ դիմել (818) 257-8998 թիւին։