
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Նախաձեռնութեամբ «Հուվըր» երկրորդական վարժարանի թատերական բաժանմունքին, Ապրիլ 16-23ի միջեւ հայութեան առնչուող թատերական ներկայացումներ ծրագրուած են վարժարանին մէջ, Հայոց Ցեղասպասնութեան հարիւրամեակին առիթով։
Ռիչըրտ Քալինոսքի «Beast On The Moon»ը պիտի ներկայացուի Ապրիլ 16ին, 17ին, 18ին եւ 20ին, երեկոյեան ժամը 7ին։
Նաեւ, «Հայկական Թատերգութիւններ» ընդհանուր խորագիրին տակ, Ապրիլ 19ին, կ.ե. ժամը 1ին, ինչպէս նաեւ Ապրիլ 22 եւ 23ին, երեկոյեան ժամը 7ին, պիտի ներկայացուին Ուիլեըմ Սարոյեանի «Hello Out There» եւ «Through the Rye» ու Պիանքա Պաղատուրեանի «March» ու «Deportations» գործերը։
Այս ներկայացումները տեղի պիտի ունենան վարժարանի «Little Theater» սրահին մէջ, թիւ 3103 (651 Glenwood Rd.) եւ անոնց մուտքի սակը 5 տոլար է։
«Beast On The Moon»ը պիտի ներկայացուի նաեւ ARTN կայանի սրահին մէջ (4401 San Fernando Rd., Glendale), Ապրիլ 19ին, երեկոյեան ժամը 7ին։ Այս ներկայացման մուտքի սակը 10 տոլար է։