Հայ եկեղեցւոյ Սրբալոյս Միւռոնը կ՛օրհնուի եօթը տարին անգամ մը: Ս. Միւռոնի պատրաստութիւնը տեղի կ՛ունենայ զանազան հանգրուաններով եւ ամիսներու վրայ երկարող աշխատանք կ՛ենթադրէ: Ս. Միւռոնը կը պատրաստուի քառասունէ աւելի բոյսերէ: Առ ի տեղեկութիւն մեր ժողովուրդի զաւակներուն, կ՛ուզենք յայտնել, որ Շաբաթ, 18 Յուլիս 2015ին տեղի ունենալիք Միւռոնի օրհնութեան պատրաստութեան վերջին հանգրուանի աշխատանքները պիտի սկսին հետեւեալ ժամանակացոյցին համաձայն.
Հինգշաբթի, 16 Ապրիլ 2015
Ժամերգութիւն առաւօտեան ժամը 8ին: Ժամերգութենէն ետք, հանդիսաւոր թափօր եւ օրհնութիւն բոյսերուն, նախագահութեամբ՝ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Բոյսերու օրհնութենէն ետք վեհափառ հայրապետը պիտի վառէ միւռոնի պատրաստութեան կրակը, որ առկայծ պիտի մնայ 48 ժամ:
Շաբաթ, 18 Ապրիլ 2015
Շաբաթ առաւօտեան, ժամը 9ին կրակը կը մարի եւ եփուած միւռոնը կը հանգչի մինչեւ կէսօրուան ժամը 12: Ապա, միւռոնը կը փոխադրուի գանձատուն, ուր զտումի աշխատանքը տեղի կ՛ունենայ չորս հանգրուանով:
Շաբաթ, 2 Մայիս 2015
Երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, եփուած եւ զտուած միւռոնը կը տեղադրուի պատմական միւռոնի կաթսային մէջ, որ կը փոխադրուի կաթողիկոսարանի Մայր տաճարի խորանին վրայ, մինչեւ միւռոնի օրհնութեան օրը:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, աղօթքի եւ խոկումի ճամբով հոգեպէս մասնակից դառնալու միւռոնի պատրաստութեան:
ԴԻՒԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ