
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արէն Տորեան-Քիւրքճեան կը տեղեկացնէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին, Ալէք Փիլիպոս վարժարանի Հայ Դատի դասարանի աշակերտները պահանջատիրական նամակներ գրած են Թուրքիոյ իշխանութիւններուն եւ նամակները Անգարա հասցնելու նպատակով, վարժարանէն 9 աշակերտներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը Ապրիլ 13ին այցելած է Լոս Անճելըսի մօտ թրքական հիւպատոսարան։
Աշակերտները անմիջապէս դիմաւորուած են անհանդուրժող ու զայրացկոտ պահակի մը կողմէ, որ աշակերտներուն վերի յարկերը բարձրանալու արտօնութիւն չէ տուած, որուն հետեւանքով անոնք չեն կրցած հանդիպում մը ունենալ ընդհանուր հիւպատոսին հետ, որպէսզի նամակները անոր յանձնեն։
Կոշտ պահակը պնդած է, թէ իրեն տրուած հրահանգներուն համաձայն, «շէնքին մէջ հայկական ոչինչ արտօնուած է» եւ երբ աշակերտներէն մէկը մատնանշած է, թէ որքան խտրական է նման կեցուածք մը ու աշակերտներն ու անոնց ընկերացող ուսուցիչը սկսած են արձանագրել անցուդարձը, ան մեղմացուցած է իր դիրքը ու այս անգամ պնդած է. «Առանց ժամադրութեան, ոչ ոքի մուտքը արտօնուած է»։ Սակայն, երբ նեղի մատնուած է, ան սկսած է սպառնական արտայայտութիւններ ունենալ՝ պնդելով, թէ ամէն Ապրիլ 24ին տեղի ունեցող ցոյցերը անարժէք են։
Արէն Տորեան-Քիւրքճեան իր եւ դասընկերներուն առաքելութեան մասին գրած լրատուութիւնը կ՛եզրակացնէ գրելով, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ոչ միայն ճշմարտութենէն եւ ընդդիմադիրներէն կը վախնայ, այլ կը վախնայ նոյնիսկ 9 աշակերտներէ։