– Սպիտակ տունը Ապրիլ 20ին դատապարտեց Լիպիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն կողմէ 30 եթովպիացի քրիստոնեաներու մահապատիժի ենթարկումը, որուն տեսանիւթը մէկ օր առաջ տարածուած էր: Անցեալ Փետրուարին, 21 եգիպտացի ղպտիներ նման պայմաններու տակ սպաննուած էին Լիպիոյ մէջ, «Իսլամական պետութեան» կողմէ։
– Ապրիլ 18ին, Պոլսոյ մէջ բացուեցաւ «Ատրպէյճանցիներու համաշխարհային քոնկրես» կոչուած հաստատութեան տարեկան համաժողովը։ Բացումը կատարեց հաստատութեան նախագահ Սապիր Ռիւսթեմհան, որ ըսաւ. «Դիպուածով չէ, որ այս տարուան համագումարին համար ընտրեցինք Պոլիսը։ Այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի պատրուակով աշխարհի ամէն կողմը Թուրքիոյ դէմ թշնամական շարժում մը ստեղծուած է։ Մենք համաժողովի ընթացքին այս նիւթին վրայ կանգ պիտի առնենք ու պիտի ցոյց տանք, որ բուն ցեղասպանութիւնը հայերու կողմէ կատարուած է՝ ատրպէյճանցիներու դէմ։ Մեր համագումարը աւելի պիտի զօրացնէ Թուրքիա-Ատրպէյճան միասնութիւնը»։
– Իրաքի մէջ անցեալ շաբաթ սպաննուած է նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի իշխանութեան օրերուն փոխնախագահի պաշտօնը վարած Իզզաթ Տուրին: Ըստ Իրաքի Սալահետտին նահանգի ղեկավարին՝ նախկին փոխնախագահը սպաննուած է Համրին շրջանին մէջ, շիի զինեալ խմբաւորումներու եւ Իրաքի բանակին համագործակցութեամբ կայացող գործողութիւններուն ընթացքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.