ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Սթոքհոլմի միջազգային խաղաղութեան հիմնարկի մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն՝ մինչ Եւրոպա ցամաքամասին մէջ զէնքի ներածման անկում կը նկատուի 2010-2014 տարիներուն, անոր փոխարէն՝ Ասիոյ մէջ զգալի աճ արձանագրուած է: Արդարեւ, 2010-2014 տարիներուն, ամէնէն աւելի զէնք ներածած երկիրներու առաջին տասնեակին մէջ հինգ պետութիւն կայ. Ասիայէն՝ Հնդկաստան, Չինաստան, Փաքիստան, Հարաւային Քորէա եւ Սինկափուր:
Ի դէպ, Չինաստանի անունը նշուած է նաեւ զէնք արտածող աշխարհի ամենամեծ պետութիւններու ցանկին վրայ, գրաւելով երրորդ դիրքը՝ Միացեալ Նահանգներէն եւ Ռուսիայէն ետք:
Աշխարհի զէնքի արտածումներուն 5 տոկոսին պատասխանատուն Չինաստանն է, մինչ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ բաժին կ՛իյնան յաջորդաբար 31 եւ 27 տոկոսը:
2005-2009ի տուեալներուն հետ բաղդատած՝ 2010-2014ին զէնքի ներածումներուն մէջ 16 տոկոսի աճ արձանագրուած է աշխարհի տարածքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.