Ցարդ զոհերուն ընդհանուր թիւը յստակ չէ, սակայն կը կարծուի, որ առնուազն 700 անձեր մահացած են Կիրակի կանուխ առաւօտուն, երբ զանոնք Լիպիայէն դէպի Եւրոպա ապօրինի կերպով փոխադրող նաւը ընկղմած է Շաբաթէն Կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին:
Փրկուած պանկլատեշցիի մը համաձայն՝ նաւուն մէջ եղած են մինչեւ 950 հոգի։
Դէպքը պատահած է լիպիական ափերէն 60 մղոն հեռաւորութեան վրայ: Միջադէպը ծովային գաղթականութեան ամէնէն ահաւոր աղէտներէն մէկը կը նկատուի:
Այս տարուան ընթացքին եւ Կիրակի օրուան արկածէն առաջ, արդէն իսկ 1600ի հասած էր զոհերուն թիւը՝ նկատի ունենալով անցնող շաբթուան ընթացքին նմանօրինակ պայմաններու մէջ ընկղմած այլ նաւու մը մէջ գտնուած մօտաւորապէս 450 զոհերը:
Եւրոպական պետութեանց նախարարներ արտակարգ նիստի հրաւիրուած են՝ քննելու համար որդեգրուելիք միջոցառումները, մինչ ՄԱԿի, Եւրոպական Միութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններ լծուած են փրկարար եւ կանխարգիլող աշխատանքներու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.