Թանգարանի մնայուն ցուցադրութեան բաժինին մէջ դրուած են վերջին 7-8 տարիներուն ձեռք բերուած հազարաւոր նորայայտ նիւթեր: Անոնց մէկ մասը տպագիր է, միւս մասը կը ներկայացնէ մալթիմետիայի վերաբերող նիւթեր՝ լուսարձակներու եւ հպումով աշխատող պաստառներու ճամբով հրամցուած:
Թանգարանային նոր ցուցադրական տարածքը ունի տասներկու սրահ՝ նախկին երեք սրահներուն փոխարէն: Հայկ Դեմոյեանի բնորոշումով՝ վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին կարելի եղած է Ցեղասպանութեան թանգարանի հաւաքածոն կրկնապատկել բնօրինակ նիւթերով, որոնք շրջանցած են 90 հազարի սահմանը: Թանգարանին մէջ տեղ գտած հաւաքածոն Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան առնչուող նիւթերու մեծագոյն հաւաքածոն է ամբողջ աշխարհի մէջ:
Տեղեկացնենք նաեւ, որ 2015 թուականին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին աջակցութեամբ, աշխարհի 80է աւելի քաղաքներու մէջ պիտի կազմակերպուին ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.