ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ուրկէ՞ եկան այսքան հայեր: Եթէ թերթի ծաւալը հնարաւորութիւն տար, իւրաքանչիւր ցուցարարի պատուաւոր տեղ պէտք է տայինք «Ասպարէզ»ի էջերէն:
Ամէնէն մեծ մարտահրաւէրը այսօր, ճիշդ գնահատելն է այն աշխատանքները, որոնք տարուեցան Արդարութեան քայլարշաւի կազմակերպման ընթացքին, մանաւանդ այն քայլերը, որոնք առնուեցան տեղեկացնելու ժողովուրդը ցոյցին մասին:
Առաջին կարեւոր գործօնը՝ միասնականութիւնը՝ բոլոր միութիւններու, կառոյցներու միացեալ աշխատանքը:
Ապա, մամուլը՝ տպագիր եւ եթերային, անշուշտ իր կարեւոր դերը խաղաց իրազեկելու համայնքը: Իրենց դերը կատարեցին նաեւ քաղաքի զանազան վայրերու մէջ տեղադրուած պաստառները: Կազմակերպութիւններու ու միութիւններու պատասխանատուներու իրենց անդամները զօրաշարժի ենթարկելու ճիգերը եւս պէտք է գնահատուին:
Նաեւ՝ համացանցի կարեւոր դերը կարելի չէ թերագնահատել: Արդարեւ, «ֆէյսպուք»ի, «թուիթըր»ի վրայ վերջին շաբաթներուն այնպիսի աշխուժութեամբ անդրադարձ կար հարիւրամեակին ընդհանրապէս, որ չէր կրնար անտարբեր թուղուլ հետեւողը: Ընկերը ընկերոջ, ընտանիքի անդամները մէկը միւսին, անմիջականութեան զգայնութիւն մը կար քայլարշաւին մասնակցելու հրաւէրներուն մէջ, որ բոլորովին տարբեր կը հնչեն պաշտօնական, աւանդական կոչերէն:
Ցոյցին մասնակիցներու այսպիսի բազմութեան իրենց դրական դերը խաղացին վերջին շրջանի քաղաքական քարոզչական իրադարձութիւնները, Քարտաշեաններու Հայաստան այցելութենէն սկսեալ, մինչեւ Հռոմի պապի յայտարարութիւնը, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումները, այս ճանաչումներու խորապատկերին մէջ նախագահ Օպամայի հերթական խոստմնադրժութիւնը, միջազգային եւ յատկապէս ամերիկեան յայտնի թերթերու լայն հետաքրքրութիւնը Ցեղասպանութեան մասին, թրքական ուրացման վարքագիծի դատապարտումները, նոյն թրքական իշխանաւորներու գրգռիչ յայտարարութիւնները:
Եկան հայերը: Մասնակցեցան: Հիմա իսկական մարտահրաւէրը՝ հաղորդակից մնալ քայլարշաւին մասնակցած իւրաքանչիւր հայորդիի հետ, զանոնք ներգրաւուած պահելու արուեստը սորվիլ, զարգացնել, կատարելագործել: Փաստը այն է, որ այդքան մեծ է հայութեամբ շնչող, հայութեան ճակատագիրով մտահոգ հայորդիներու թիւը: Ուրեմն մենք է որ չէինք կրցած հաւաքել զիրենք եւ մեր անկարողութիւնը արդարացուցած էինք անտարբերութեամբ ամբաստանելով զանոնք: Հաւատանք մեր ապշեցուցիչ ժողովուրդին եւ անոր արժանի ըլլանք իբրեւ կազմակերպողներ:
Ժողովուրդը միշտ էլ միասնական է եղել հայութեան ընդհանրական շահերի ու նպատակների շուրջ: Փաստը՝ աւերիչ երկրաշարժի վնասները դարմանելու աշխատանքները, փաստը՝ հայոց ազատարական նոր պայքարը: Սա մե՛նք ենք, որ չենք տեսել ու չենք գնահատել հայութեան քաղաքական բարձր գիտակցութիւնը: Ես համոզուած եմ, որ եթէ ոչինչ էլ չանէին արդէն վաղուց մարած կամ մարման սեմին կանգնած հայկական միութիւնները, մէկ է, ժողովուրդը այսպէս խուռներամ կմասնակցել քայլարշաւին:
Փաստը այն, որ հայութեան մեծ զանգուածներ չեն անդամակցում հայկական միութիւններին: Նրանցից շատերը, պարզապէս, իրենց հեռու են պահում այդ անհամ միջավայրերից, որոնք կամ դարձել են մի շարք մարդկանց մոնոփոլը, կամ էլ նրանց մաշած գործունէութիւնը ՉԻ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒՄ ժողովրդի լայն զանգուածներին ու յատկապէս նորագոյն սերնդին՝ երիտասարդութեանը:
Կարծում եմ, լաւ է աւելի լուրջ մտածել մեր միութիւնները այս լճացած վիճակից դուրս բերելու ճամբաների մասին: Աւելի լուրջ մտածել նոր սերնդին ԼՍԵԼՈՒ, նրանց կարծիքը ԱՐԺԵՒՈՐԵԼՈՒ ու նրանց տարբեր աշխատանքներում ներգրաւելու համար:
Ո՞վ ասաց, որ հայութիւնը անտարբեր է: Չկայ այդպիսի բան: Պարզապէս, մե՛նք ենք, որ չենք տեսնում, կամ չենք ուզում տեսնել մեր քթից այն կողմ: Կարծում ենք, որ ճիշտը միայն մենք ենք: Ու սխալւում ենք չարաչար:
Այս ձեռքբերումը ամբողջ հայութեան ձեռքբերումն է: Սա չի պատկանում հայութեան որեւէ հատուածին: Փաստը այն, որ քայլարշաւին մասնակցեցին Սփիւռքի հին հատուածի տարբեր խաւեր ու Սփիւռքի նոր հարուածից (հայաստանցիներից) մեծ, շատ մեծ թուով հայեր: Ու, կարծում եմ պէտք չի աւելին գրել, որ հայաստանցիներն ու իրանահայութեան լայն զանգուածները չեն մասնակցում հայկական ներկայիս միութիւններին: Նրանք իրենց հեռու են պահում այդ միջավայրերից: Իսկ երբ ժամն է հասնում, նրանք ի ցոյց են դնում աշխարհին՝ իրենց քաղաքական հասունութիւնն ու յանձնառութիւնը:
Ռուբինա Օհանեան
You said it Roubina. Very well to the point. You said it all. Thank you.
antsnenk karevor gortseri yev che hianank mer “khelokutiamb”.ashkharhe petke hargi mer azgin mer uzhi patcharov che vor mer “khelokutian”.