
ՍՈՖԻԱ, «Էյ.Փի.».- Ապրիլ 24ին, Պուլկարիոյ խորհրդարանը 157 թեր եւ 36 դէմ քուէներով որդեգրեց բանաձեւ մը՝ նշելով, որ Պուլկարիա «կը ճանչնայ 1915-1922 տարիներուն, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած հայ ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը», ինչպէս նաեւ Ապրիլ 24ը նշանակեց հայերու «զոհերու յիշատակը յարգելու օր»:
Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքու Պորիսով խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Պէտք է ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը», որուն ենթարկուեցան հայերը՝ յոյս յայտնելով, որ «թրքական պետութիւնը նկատի ունենայ օսմանեան իշխանութեան եւ արդի Թուրքիոյ միջեւ մեր կատարած տարբերակումը»:
«Պատմութիւնը պատմութիւն է եւ զոհերը՝ զոհեր, իսկ այդ օրը (Ապրիլ 24ին) պէտք է յարգուի անոնց յիշատակը», ըսաւ Պորիսով:
«Երկիր Մեդիա» կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս գծով բացատրութիւն տալու հրաւիրած է Անգարայի մօտ Պուլկարիոյ դեասպան Կրասիմիր Տուլեցկինը։
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ փաստաթուղթին վաւերացման համար պատասխանատու կը նկատէ Պուլկարիոյ «ծայրայեղ ազգայնական, այլատեաց եւ ցեղամոլ» «Աթաքա» կուսակցութիւնը: