
ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 27 Ապրիլին ընդունած է Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու խորհուրդի նախագահ, Պելճիքայի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց, արտաքին առեւտուրի եւ եւրոպական հարցերու նախարար Տիտիէ Ռէյնտըրսը:
Նշելով, թէ տեղեակ է այն մասին, որ այս տարին Հայաստանի համար որքան կարեւոր եւ առանձնայատուկ է, որովհետեւ յագեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւններով՝ Տիտիէ Ռէյնտըրս նախագահ Սարգսեանին տեղեկացուցած է, որ հանդիպումէն ետք պիտի ուղղուի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Ցեղասպանութեան սուրբ զոհերու յիշատակին:
Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է նախարարին՝ այս օրերուն Երեւանի մէջ կայացած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային համաժողովին Եւրոպական խորհուրդի բարձր մակարդակով մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ 24 Ապրիլի յիշատակի արարողութեան պեքճիքական պատուիրակութեան ներկայութեան համար: Ան հաստատած է, որ Հայաստան մեծապէս շնորհակալ է եւ բարձր կը գնահատէ Պելճիքայի իշխանութիւններն ու յատկապէս արտաքին գործոց նախարարին ներդրումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող որոշման ընդունման համար:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին վերաբերեալ: Տիտիէ Ռէյնտըրս վերահաստատած է իր երկրին եւ ԵԽ նախարարներու խորհուրդի նախագահին դիրքորոշումը՝ սատարելու միջնորդներուն՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ: