
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը, ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ծրագիրի ծիրին մէջ 29 Ապրիլին Ասկերանի շրջանի Ծաղկաշատ գիւղի Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանի տարածքին առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպէ «Ժենգեալով հացի փառատօն»: Այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի նախարարի օգնական Արեւիկ Յովսէփեան:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր շրջան փառատօնին պիտի ներկայանայ արցախեան ամէնէն նշանաւոր ուտելիքին՝ ժենգեալով հացի պատրաստութեամբ հմուտ եւ արհեստավարժ մասնակիցներով: Փառատօնին պիտի ներկայացուի ժենգեալով հացի պատրաստութեան ամբողջ գործընթացը, որուն աւարտին հացը պիտի մատուցուի հետաքրքրական կերպով։
Փառատօնի նպատակն է արցախեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքներու պահպանումն ու հանրահռչակումը, ազգային աւանդութիւններու, ազգագրական առանձնայատկութիւններու հանդէպ հոգածութեան եւ յարգանքի արմատաւորումը:
Ժենգեալով հացի փառատօնը Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Արցախեան խոհանոցի փառատօնի ծիրին մէջ կազմակերպուող երրորդ նախաձեռնութիւնն է: 2014ին Ասկերանի շրջանի Խանցք գիւղին մէջ կազմակերպուած է թոնրահացի, Հադրութի շրջանի Դրախտիկ գիւղին մէջ արցախեան թթուի փառատօնը:
Նախաձեռնութեան մեկնարկը պիտի տրուի 29 Ապրիլին՝ ժամը 13:00ին: Փառատօնին ընթացքին պիտի կատարուի աւանդական հիւրասիրութիւն, պիտի գործադրուին հետաքրքրական խաղ-մրցումներ, պիտի կայանան համերգ եւ մշակութային նախաձեռնութիւններ։