
Կիրակի, 26 Ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 5ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական մարմինի հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Հալէպի «Գէորգ Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Կոմիտասին նուիրուած երեկոյ:
Ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեան, ներկաները ըմբոշխնեցին Կոմիտասէն ընտիր գործեր՝ երգի, երաժշտութեան եւ ասմունքի մատուցումներով:
Օրուան բանախօս, հասարակական գործիչ, երաժիշտ Ժիրայր Ռէյիսեան լուսարձակի տակ առաւ Կոմիտաս ազգագրագէտը, բանահաւաքը, անոր ազգային դիմագիծը, ազգային ոճի ու մտածելակերպի առանձնայատկութիւնները, ինչպէս նաեւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն մէջ ռազմահայրենասիրական եւ ազատագրական թեմաներու առկայութիւնը: Մէկ խօսքով, ան ներկայացուց Կոմիտասը ազգային արուեստի սահմանէն ներս:
Աւարտին ներկայացուեցաւ Կոմիտասի խելագարութիւնը խորհրդանշող կենդանի պատկեր: