www.iraqhurr.org կայքին մէջ Ապտուլ Համիտ Զիպարի կը գրէ. «Հայերը Էրպիլի Այնքաուա քաղաքին մէջ ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը: Ոգեկոչման ձեռնարկը կատարուեցաւ քլտանիներու Ում Ալ Մաունա եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագի մատուցմաբ:
Պատարագին ներկայ էին բազմաթիւ հաւատացեալներ՝ հայեր, ասորիներ, քլտանիներ, ինչպէս նաեւ Քիւրտիստանի տեղական կառավարութեան ներկայացուցիչներ, քիւրտեր եւ եզիտիներ:
Ձեռնարկին արտասանուեցան խօսքեր, ինչպէս նաեւ բանաստեղծութիւններ, ցուցադրուեցաւ Երեւանի մէջ Ցեղասպանութեան արարողութիւններէն արձակուած տեսանիւթեր, նաեւ Վատիկանի պապի քարոզի խօսքէն հատուածներ:
Էրպիլի հայոց հովիւ Արթուն քհնյ. Խալաթեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր կ՛ոգկեկոչենք այս յիշատակը՝ նոր սերունդին փոխանցելու 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդին կրած տառապանքը»: Իսկ Էրպիլի Հայոց թաղական խորհուրդի անդամ Դրօ Սարգիս կոչ ուղղեց Թուրքիոյ ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում տալու իր կատարած արարքին համար, քանի որ անիկա իրաւայաջորդն է Օսմանեան կայսրութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.