ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 28 Ապրիլին ընդունած է Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի ծոռնուհի, Հարվըրտ համալսարանի դասախօս, դոկտոր Փամելա Շթայնըրը:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուած են հայ ժողովուրդին եւ Արցախի պատմութեան առնչուող շարք մը քաղաքական, մարդասիրական եւ հոգեբանական խնդիրներ:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ հայ ժողովուրդը մեծ յարգանք կը տածէ Հենրի Մորկընթաուի նկատմամբ՝ անոր կեանքն ու աշխատանքը դիտարկելով որպէս բարձր արհեստավարժութեան եւ բարոյականութեան չափանիշ:
Հանդիպման մասնակցած են արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը, պաշտօնատար այլ անձեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.