ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Քարինա Եփրոյեանի երաժշտանոցին, Ապրիլ 19ին, Կլենտէյլի «Պրենտ» գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած դաշնակի նուագահանդէս մը։
Կատարող աշակերտները մէկական սպիտակ վարդով յառաջացած են, ի յիշատակ Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերուն։
Ներկայացուած են յայտնի հայ յօրինողներու գործեր, սկսելով «Կիլիկիա» երգով, զոր կատարած են Նանար Շահինեան, Ալիք Զաքարեան եւ Փաթրիք Բարսեղեան։
Կատարուած են շարք մը յայտնի կտորներ, ներառեալ՝ «Ալագեազ», «Քոչարի» եւ «Հոյ Նազան»։
7էն 25 տարեկան աշակերտներ նուագեցին Խաչատուրեանէն ստեղծագործութիւններ, ներառեալ՝ «Անտանթինօ», «Դաշնակի Համար Սոնաթինա», «Պար», «Դիմակահանդէս»ի վալսը՝ չորս ձեռքերու համար, «Թոքաթա» եւ «Գայեանէ»էն «Օրօր»ը։ Նուագուեցան նաեւ Պապաճանեանէն՝ «Վաղարշապատի պարը», «Ցայգանուագ»ն ու «Էլեգիա»ն։
Ապա, ուսուցչուհի Քարինա Եփրոյեան նուագեց Կոմիտասի «Ծիրանի Ծառ»ն ու Կոմիտաս-Անդրէասեանի «Գարուն ա»ն, իսկ աւարտին, Եփրոյեան ու շրջանաւարտ աշակերտ Շանթ Մեհտիխանի կատարեցին Պապաճանեան-Յարութիւնեանի «Ռեփսըտի»ն՝ երկու դաշնակներու համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.