ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Սարդարապատ» գրախանութի եւ «Սօսէ եւ Ալէն Հիմնարկութեան» միացեալ հանգանակային արշաւը՝ ի նպաստ Մալխասի յայտնի «Զարթօնք» հայրենասիրական վէպի անգլերէն թարգմանութեան՝ յաջողութեամբ պսակուեցաւ:
Արդարեւ, 15,000 տոլար գոյացնելու համար «Kick-start»ի համացանցային հանգանակային արշաւի դուրս եկած ծրագիրի ճամբով, ժամկէտի աւարտին արդէն գոյացած էր 19,000 տոլար՝ 210 նուիրատուներէ:
Այս արշաւին ընթացքին ուղղակի «Սարդարապատ» գրախանութին հասած են նաեւ այլ նուիրատուութիւններ՝ հետեւեալ ազգայիններէն.
Զարմինէ Յակոբեան՝ 100 տոլար
Գաբրիէլ Ինճէճիկեան՝ 100 տոլար
Համլեթ Չրախչեան՝ 3000 տոլար
Յովիկ Աղայեան՝ 1000 տոլար
Սոնիա Կարապետեան՝ 100 տոլար
Արմինէ Գունտաքճեան՝ 250 տոլար
Պիանքա Մանուկեան՝ 150 տոլար
Հուրի Ապտուլեան՝ 200 տոլար
ՀՅԴ «Ահարոնեան» Կոմիտէութիւն՝ 1000 տոլար
ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէութիւն՝ 2000 տոլար:
Նուիրատուութիւնները մեծապէս կը գնահատուին: Այս գիրքին հասոյթը պիտի տրամադրուի մեր ազգային-հայրենասիրական գրականութեան նոր թարգմանութիւններուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.