ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22ի յետմիջօրէին, Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ինկըլվուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ռալֆ Ֆրենքլինի, որ եկած էր սրբազանին յանձնելու քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին օրինակը: Հիւր քաղաքապետին կ՛ընկերանային Ազգ. առաջնորդարանիս բարեկամներէն՝ ճարտարապետ Գէորգ Գարաճըրճեան եւ որդիները Արա եւ Աբօ, որոնք սերտ գործակիցներ են Ինկըլվուտի քաղաքապետութեան:
Սրբազանը ողջունեց յարգելի հիւրերը եւ գնահատանք արձանագրեց քաղաքապետական խորհուրդի որոշումին համար, ընդգծելով, որ այս ու նման քայլեր գործնական քուէարկում են՝ ի նպաստ ճշմարտութեան ու արդարութեան: Ան յիշեց, որ Ապրիլ 20ին, ինք անձամբ ներկայ եղած է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի յատուկ նիստին, ուր որդեգրուեցաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ մը, եւ կոչ ուղղուեցաւ նախագահ Օպամայի՝ ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը:
Առաջնորդը յայտնեց, որ հայութեան գծով պատմական ճշմարտութեանց ի նպաստ դիրքորոշումներ ունին համամարդկային խորք եւ նպաստ կը բերեն աշխարհի վրայ խաղաղութեան ու արդարութեան ամրապնդման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.