
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ուրբաթ, Մայիս 8ին կայանալիք իր 8րդ տարեկան ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարէ շարք մը անձնաւորութիւններ, միաժամանակ տօնելով իր հիմնադրութեան 25ամեակը։
Քըրք Քարթոզեան պիտի ստանայ Ճորճ Մարտիկեանի անուան մրցանակը, որ վերապահուած է՝ «քաղաքացիական գործարարական մարզէն ներս ղեկավարման»։ Քարթոզեան 2000-2008 տարիներուն եղած է Տաունիի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, ինչպէս նաեւ քաղաքապետ։ Ան կը զբաղի կալուածներու առուծախով եւ տնօրէնն է «Cartozian Associates Real Estate (CARE)» ընկերութեան։ Ան վկայուած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղէն ու գործարարական եւ կալուածներու առուծախի մարզերուն մէջ մասնագիտացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ, անդամ եղած է շարք մը համայնքային կազմակերպութեանց եւ մարմիններու վարչութեանց։
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարուան «Լեւոն Շան»չ մրցանակը պիտի յանձնուի տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընին։ Այս մրցանակը կը տրուի քաղաքացիական կեանքէն ներս աշխոյժ մասնակցութիւն բերող անձաւորութեանց։ Իր ամէնօրեայ աշխատանքի կողքին, տոքթ. Ճորտըն հիմնադիրն է Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու միութեան, որուն միջոցաւ ան կը շեշտէ կարեւորութիւնը ոսկրածուծի նուիրատուութեանց, որ կրնայ փրկարար ըլլայ այլապէս անբուժելի հիւանդներուն համար։ Միութիւնը այս նպատակով 2009ին կեդրոն մը հաստատած է նաեւ Հայաստանի մէջ։ Ան մասնագիտացած է Լոնտոնի «Քինկ՛զ Քոլեճ»էն եւ արժանացած է շարք մը մրցանակներու, որոնց շարքին՝ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը, 2012ին, ձեռամբ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի։
Կերի Պրիք պիտի ստանայ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի «Ուիլեըմ Սարոյեան» մրցանակը, որ կը տրուի համայնքի կեանքին մէջ աշխոյժ գործունէութիւն մշակած անձերուն։ Պրիք Պըրպենքի բնակիչ է 1953էն ի վեր եւ համայնքին սպասարկելու փոխանցիկ յատկութեամբ օժտուած անձնաւորութիւն մըն է։ Ան 2007ին ընտրուած է Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ու քաղաքի փոխքաղաքապետը՝ 2008ին, իսկ քաղաքապետը՝ 2009ին։ Ան քաղաքապետական խորհուրդի անդամ վերընտրուած է 2011ին։ Պրիք նաեւ անդամ եղած է շարք մը համայնքային կազմակերպութեանց եւ մարմիններու վարչութեանց ու 1993էն ի վեր սեփականատէրն է «The Ramp» ճաշարանին։ Ան յաճախած է Լոս Անճելըսի Հովիտի քոլեճը եւ Փորթլընտի համալսարանը։
Նաեւ, Պըրպենքի ՀԵԴի «Վարագ» ուխտէն Արազ Մաճնունեան պիտի ստանայ երիտասարդ գործիչներու յատուկ՝ «Գարեգին Նժդեհ» մրցանակը։
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 8ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, «Արպա»չ ճաշարանին մէջ: Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել Լիլիան Արէճեանին՝ (818) 469-7671 թիւով կամ rsvp@ancaburbank.org հասցէով: Տոմսեր ապահովելու համար կարելի է այցելել նաեւ http://www.itsmyseat.com/events/680664.html կայքէջը:
«Լեւոն Շան»չ մրցանակը?????