ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Տաւուշի մարզին մէջ՝ սահմանին վրայ, 28 Ապրիլին հակառակորդի կրակոցէն վիրաւորուած է պայմանագրային զինուորական ծառայող մը: «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած է, որ քերծուած ստացած է Սպարտակ Գուլինեանը:
Զինուորը տեղափոխուած է Իջեւանի հիւանդանոց, կարճ ժամանակ ետք արդէն դուրս ելած է հոնկէ։
Ա. Յովհաննիսեան ըսած է, որ սահմանին վրայ կացութիւնը հանդարտ է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.