Փոքր տարիքէն կեանքի պայմաններու բերումով անցած է աշխատանքի։ Եղած է Լուսինեան Ազգային վարժարանի շրջանաւարտներու միութեան եւ երգչախումբի անդամ, որոնց նաեւ անդամ էր իր սիրեցեալ եւ ապագայ կողակից՝ Սիրվարդ Կիտցինեանը։ 18 տարեկանին միացած է ՀՅԴի շարքերուն, միանալով Սիսի «Իշխան» կոմիտէութեան։ 1956ին կ՛ամուսնանայ Սիրվարդին հետ՝ կազմելով հայաշունչ ընտանիք, բախտաւորուելով երեք զաւակներով՝ Յովիկ, Գօգօ եւ Այտա։ Յարութ Սալիպա իր հայրենասիրական դաստիարակութիւնը ստացած էր իր աշակերտական տարիներուն, Լուսինեանի տնօրէն Շաւարշ Մակարեանէն եւ այդ ձեւով ալ ինք դաստիարակած էր իր զաւակները, իր տան մէջ միշտ վառ պահելով հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերը։ Ան եղաւ հոգատար ամուսին եւ հայր։ 1958ին կուսակցական յատուկ առաքելութեամբ միացած է Լիբանանի ոստիկանութեան, ուր ծառայած է մինչեւ 1975։ Յարութ Սալիպան նաեւ մարզասէր էր։ Իրեն համար Լիբանանի ՀՄԸՄը, մանաւանդ ֆութպոլի խումբը յատուկ տեղ ունէր։ Ան ներկայ կ՛ըլլար բոլոր խաղերուն իր երկու տակաւին փոքր զաւակներուն՝ Յովիկին եւ Գօգոյին հետ։
1976ին կը փոխադրուի Ամերիկա հաստատուելով Փասատինա։ Կարճ ժամանակ ետք կ՛ունենայ իր անձնական գործը եւ իր կողակիցի՝ Սիրվարդին հետ միասին, տքնաջան աշխատանքով կ՛ապահովէ իր ընտանիքին ապրուստը։
Այդ տարիներուն, Փասատինայի հայկական գաղութը տակաւին նոր սկսած էր կազմուելու։ Յարութ Սալիպան, փոխանցուելով «Լեռնավայր» կոմիտէութիւն, անցած է աշխատանքի եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած՝ շրջանի կազմակերպական աշխատանքներուն։ Ան մղիչ ուժը դարձած է Փասատինայի Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցւոյ հաստատման, ծառայելով իբրեւ հոգաբարձութեան անդամ եւ երեսփոխան։
1982ին, Հայ Դատի հետապնդման ցուցական աշխատանքներուն ընթացքին, պատնէշի վրայ կը նահատակուի Արդարութեան Մարտիկ Գօգօ Սալիպան, խոր վիշտ պատճառելով Սալիպա ընտանիքին։ Գօգոյին ընտրած ուղին եւ ապա՝ նահատակումը կը դառնայ հպարտութեան եւ ցաւի միախառն աղբիւր Սալիպա ընտանիքին համար։ Գօգոյին կարօտն ու յիշատակը միշտ վառ մնաց Յարութ Սալիպային սիրտին մէջ մինչեւ իր վերջին շունչը։ Ան, սակայն, իր մխիթարութիւնը գտաւ իր ընդլայնուած ընտանիքին մէջ, իր հարսով՝ Հիլտայով, փեսայով, Յովիկով, եւ մանաւանդ թոռներով՝ Գօգոյով, Շանթով, Սեւանայով եւ Ռոստոմով։
Հայաստանի անկախանցումն ու Արցախի ազատագրական պայքարը եկան աւելիով ամոքելու Յարութ Սալիպայի հոգին։ Ան խանդավառ էր։ Բազմիցս այցելեց Հայաստան եւ Արցախ մօտէն ծանօթանալու համար տարիներով երգած եւ երազած հայրենի հողին ու ժողովուրդին։ Իր ընկերասէր խառնուածքով, ան հիմնեց սերտ յարաբերութիւն հայրենի իր կուսակցական ընկերներուն հետ՝ Հայաստանէն մինչեւ Արցախ։
Ան միշտ եղաւ հաւատաւոր եւ խոնարհ դաշնակցական, մղելով իր զաւակները դէպի ազգային եւ կուսակցական գործունէութիւն, անոնցմով ըլլալով միշտ հպարտ։
Յարութ Սալիպա, հանգստեան կոչուելէ ետք, հազիւ պիտի կարենար վայելել իր ընտանիքը, անկախ Հայաստանն ու ազատագրուած Արցախը, կարգ մը անհանգստութիւններ զրկեցին զինք այդ հաճոյքները լիուլի վայելելէ։ Իր լաւատեսութեամբ եւ պայքարող խառնուածքով բաւական երկար դիմանալէ ետք յետ կարճատեւ հիւանդութեան, իր մահկանցուն կնքեց Երկուշաբթի, 30 Մարտ 2015ին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.