Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած համաժողովին մասնակցած են աշխարհի տարբեր կողմերէ եկած գիտնականներ: Ելոյթներով հանդէս եկած են Միշիկընի համալսարանէն փրոֆ. Ֆաթմա Կէօչեք, Պոլսոյ «Պիլկի» համալսարանէն փրոֆ. Այհան Աքթար եւ Պիւլենտ Պիլմեզ ու ուրիշներ:
Յիշեցնենք, որ համաժողովը պիտի կայանար անցեալ շաբաթ, «Պիլկի» համալսարանին մէջ, սակայն համալսարանի ղեկավարութիւնը դէմ կեցած էր, որմէ ետք «Պողազիչի» համալսարանը յայտարարեց, որ պատրաստ է հիւրընկալելու համաժողովը:
Հետաքրքրական է, որ «Պողազիչի» համալսարանը 2005ին դէմ կեցած էր Ցեղասպանութեան նուիրուած գիտաժողովի մը, որ աւելի ուշ «Պիլկի»ի մէջ կայացած էր: (Թուրքիոյ համալսարաններուն մէջ նման գիտաժողովներու կայացումը մեծապէս կախուած է տուեալ պահուն համալսարանի տնօրէնէն եւ անոր քաղաքական կողմնորոշումէն- «Ակունք»ի խմբ.):
Նախապէս, «Պիլկի» համալսարանը ծանօթ էր իբրեւ Հայկական Հարցի տեսանկիւնէն համեմատաբար ազատ համալսարան մը: Չի բացառուիր, որ համաժողովը արգիլելու համալսարանի որոշումը տրուած է թրքական իշխանութիւններու ճնշումին տակ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.