ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւնները կը շարունակուին նոյն թափով եւ հերթականութեամբ։ Ասոր վկայութիւնը 24 Ապրիլէն ետք նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կայացող ձեռնարկներն են։ Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւնները համակարգող Վիգէն Սարգսեան: Ան յատուկ կերպով անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին եւ Փարիզի քաղաքապետարանին համագործակցութեամբ Փարիզի մէջ կայացած ցուցահանդէսին: «Ինչպէս գիտէք, վաղը Հայաստանի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնում է Միացեալ Նահանգներ, որտեղ կը շարունակուեն 100րդ տարելիցի ոգեկոչման արարողութիւնները: Վաշինգտոնի Մայր տաճարում կայանալու է էկումենիկ պատարագ՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի մասնակցութեամբ», յայտնած է Վիգէն Սարգսեան:
Ըստ անոր՝ Յուլիսին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան 12րդ համաժողովը, որ կը գումարուի երկու տարին անգամ մը։ «Մենք արդէն ունենք ինֆորմացիա, որ գրանցուածների թիւը աննախադէպ մեծ է՝ մօտ 400 մասնակից է գրանցուել», ըսած է Վիգէն Սարգսեան:
Ան կարեւոր նկատած է նաեւ Երեւանի մէջ կայանալիք Համահայկական խաղերը՝ նշելով, որ այդ օրերուն հայութեան մեծ համախմբման ու ոգեւորութեան ականատես պիտի ըլլանք:
«Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրուայ շաբաթը լի է լինելու միջոցառումներով: Այդ շաբաթուայ ընթացքում Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում կ՛անցկացուի Միւռոնօրհնէքը: Այդ օրերին կը կայանայ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող յանձնաժողովի 6րդ նիստը, որի ժամանակ կ՛ամփոփուեն կատարուած միջոցառումները ու հաստատման կը դրուեն առաջիկայ ծրագրերը», նշած է Վիգէն Սարգսեան: