ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 1-4 Մայիսին Քանատայի մէջ կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւններուն ներկայ գտնուելու նպատակով Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Քանատա, ուր նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
2 Մայիսին նախարարը հանդիպում ունեցած է Մոնթրէալի քաղաքապետ Տենիս Քոտերի հետ: Հրանոյշ Յակոբեան՝ ի դէմս Տենիս Քոտերի շնորհակալութիւն յայտնած է Քանատայի իշխանութիւններուն՝ երկրին մէջ հաստատուած հայերուն հանդէպ ցուցաբերած բարեացկամութեան եւ Քանատայի հանրային կեանքին համարկուելու կարելիութեան ընձեռնման համար: Իր հերթին, Տենիս Քոտեր գոհունակութիւն յայտնած է քանատահայերու գործունէութեան համար՝ դիտել տալով, որ անոնք դարձած են օրինակելի քաղաքացիներ եւ նպաստած երկրի զարգացման ու Քանատա–Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման:
Նախարար Յակոբեան այցելած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քանատայի թեմի առաջնորդարան, հանդիպում ունեցած թեմի առաջնորդ Մեղրիկ եպս. Բարիկեանի հետ, այնուհետեւ հանդիպում ունեցած է առաջնորդարանին կից Սուրբ Յակոբ շաբաթօրեայ դպրոցի սաներուն եւ ուսուցիչներուն հետ։
ՀԲԸՄ «Ալեք Մանուկեան» ամէնօրեայ վարժարանին մէջ սփիւռքի նախարարը մասնակցած է կրթօճախի 45ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան: Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր նկատած է կրթօճախին դերը մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ։
Մայիս 3ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարը Մոնթրէալի քաղաքապետ Տենիս Քոտերի եւ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեանի հետ մասնակցած է դէպի Place Des Arts հրապարակ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած քանատահայութեան կազմակերպած քայլարշաւին, որուն մասնակցած է շուրջ 10 հազար հոգի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.