ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամներ Ժիրայր Սէֆիլեան, Պաւել Մանուկեան, Վարուժան Աւետիսեան, Գէորգ Սաֆարեան եւ Գարեգին Չուգասզեան 4 Մայիսին ազատ արձակուեցան՝ անոնց նկատմամբ ճշդուած խափանման միջոցը բանտարկութենէն փոխելով չհեռանալու ստորագրութեան։
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սէֆիլեան յայտնած է, որ իրենց պայքարը այսքանով չ՛աւարտիր, իրենք պիտի շարունակեն պայքարը: Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, որ ի՞նչ պիտի ըլլայ իրենց յառաջիկայ քայլը՝ Սէֆիլեան յայտնած է, որ պիտի խորհրդակցին «Հիմնադիր խորհրդարան»ի միւս անդամներուն հետ, ապա յայտարարութեամբ հանդէս գան։
«Ամբողջը խայտառակութիւն էր, խեղկատակութիւն էր, թատրոն: Այս ամէնը սկսուեց դեռեւս նախորդ տարուայ աշնանից, երբ հրկիզեցին մեր մեքենաները, այնուհետեւ տեղի ունեցած Բերձորի դէպքերը, դանակահարութիւն Գիւմրիում եւ վերջապէս հասան մեզ ձերբակալելուն: Բայց մենք պայքարը չենք դադարեցնում, շարունակելու ենք նոյն ոգով», յայտարարած է Սէֆիլեան:
Լրագրողներուն հետ զրուցելով՝ Գարեգին Չուգասզեան ըսած է, որ իրենց նկատմամբ առաջադրուած մեղադրանքը անհիմն էր եւ անհեթեթ, իրաւաբանական եւ տրամաբանական դատողութիւն-ներէ զուրկ:
«Այս կալանաւորումը ռեժիմի հերթական ջղաձգման արդիւնք էր: Ես կարծում եմ, որ մեր կալանաւորումը ապրիլքսանչորսեան հաւաքով պայմանաւորած չէր: Մեր նկատմամբ ճնշումները նոր չեն, դրանք եղել են եւ շարունակում են մնալ», ըսած է ան:
Նախապէս յայտարարուած էր, որ գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան գործով վերահսկող դատախազին յանձնարարած է նախաքննական մարմինէն պահանջել Ժիրայր Սէֆիլեանի եւ անոր ընկերներուն գործը։ Չէր բացառուած, որ այս գործով յառաջիկային բեկում կատարուի։
Աւելի ուշ Գլխաւոր դատախազութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն, ուր նշուած է. «Հայաստանի գլխաւոր դատախազի յանձնարարութեամբ՝ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան վարչութեան դատախազ, առաջին դասի խորհրդական Վ. Պօղոսեանը նախաքննական մարմնից, ստուգման նպատակով, պահանջել է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի կապակցութեամբ Հայաստանի տարածքում 2015 թուականի Ապրիլի 24ին կազմակերպուող համազգային հրապարակային միջոցառումների ընթացքում մի խումբ անձանց կողմից զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու նախապատրաստութիւն իրականացնելու դէպքի առթիւ 2015 թուականի Փետրուարի 18ին Հայաստանի քննչական կոմիտէի ՀԿԳ քննութեան գլխաւոր վարչութիւնում Հայաստանի քրէական օրէնսգրքի 35-225րդ յօդուածի 1ին մասով յարուցուած քրէական գործը:
«Քրէական գործի նիւթերի ստուգմամբ պարզուել է, որ Ժիրայր Սէֆիլեանը, Վարուժան Աւետիսեանը, Գէորգ Սաֆարեանը, Գարեգին Չուգասզեանը ու Պաւել Մանուկեանը, 2014 թուականի Մայիսից, ձեռնարկելով զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու նախապատրաստական գործողութիւններ, ծրագրել էին դրանք իրականացնել 2015 թուականի Ապրիլի 24ին, սակայն այդ գործողութիւնները կանխուել են իրաւապահ մարմինների աշխատակիցների կողմից:
«Ստուգման արդիւնքում որոշում է կայացրել գործով մեղադրեալներ Ժիրայր Սէֆիլեանի, Վարուժան Աւետիսեանի, Գէորգ Սաֆարեանի, Գարեգին Չուգասզեանի ու Պաւել Մանուկեանի նկատմամբ կիրառուած խափանման միջոց կալանաւորումը փոփոխելու եւ որպէս խափանման միջոց ստորագրութիւն չհեռանալու մասին ընտրելու վերաբերեալ:
«Որոշումը կայացուել է նկատի առնելով, որ արդէն անցել է Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերի յիշատակման օրը եւ վերոնշեալ անձինք չեն կարողացել աւարտին հասցնել յանցագործութիւնը, նախաքննութեան ընթացքում արդէն կատարուել են անյետաձգելի անհրաժեշտ քննչական գործողութիւնները, ու վերջիններս, ազատութեան մէջ մնալով, չեն կարող խոչընդոտել մինչ դատական վարոյթում գործի քննութեանը, ուստի նախաքննութեան տուեալ փուլում վերացել է մեղադրեալներին կալանքի տակ պահելու անհրաժեշտութիւնը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.