ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Պոլսոյ երեսփոխանական թեկնածուներէն Հիւտա Գայա շատ խիստ խօսած է հայերու ցաւին դէմ արհամարհական կեցուածք ցուցաբերող Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ։
Ան ըսած է, որ կառավարութիւնը, որպէսզի մոռացումի տրուի հայերու տառապանքը, պատմութեան թուականներն իսկ փոխեց՝ Կալիփոլիի ճակատա-մարտին նուիրուած հանդիսութիւնները Ապրիլ 24ին կազմակերպելով։
«Գիտեմ, որ Կալիփոլիի յաղթանակի տարեդարձը կը նշուէր Մարտ 18ին։ Հիմա այս մարդիկը, ժողովուրդի մը ցաւը անտեսելու համար, ազգային թուականներն իսկ փոխելէ չեն քաշուիր» ըսած է Հիւտա Գայա։
Թրքական «Ռատիքալ» թերթին մէջ հրատարակուած լուրին համաձայն՝ ան ըսած է. «Ներկայիս հարիւրամեակ մը կայ։ Ես անիմաստ կը գտնեմ, որ տակաւին այսօր իսկ բանավէճ յառաջ կը տարուի կատարուած մեծ սպանդին մասին։ Եթէ Ցեղասպանութիւնը ընդունինք կամ չընդունինք, ինչ կը փոխուի։ Մէջտեղը մեծ կոտորած մը կայ, մեծ ամօթ մը։ Եւ դուք, փոխանակ առերեսուելու այս ամօթին հետ, օրակարգը կը խեղաթիւրէք»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.