ՍԱՆ ՔԼԱՄԵՆԹԷ, Քալիֆորնիա.- Հայաստանի կարօտեալ երեխաներուն եւ երիտասարդներուն ի նպաստ բարեսիրական գործունէութիւն մշակող «Մեր Տուն» կազմակերպութիւնը կոլֆի իր անդրանիկ մրցաշարք-դրամահաւաքը պիտի կատարէ Մայիս 15ին, Ռոտ Այլընտ նահանգի Փորթսմիթ քաղաքին մէջ գտնուող «Քարնըկի Էպի» ակումբին մէջ։
Մրցաշարքը նուիրուած է «Մեր Տուն» կազմակերպութեան համահիմնադիր Ճուլի Աշըքեանի յիշատակին։ Ճուլի Աշըքեան, որ մահացած էր Մայիս, 2014ին, 1988էն սկսեալ մօտաւորապէս 45 առիթներով Հայաստան այցելած էր՝ մարդասիրական օժանդակութիւններ հասնցելու յատկապէս որբանոցներէն հեռացող երիտասարդներուն։
2005ին հաստատուած «Մեր Տուն»ը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած է իբրեւ ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւն, կը շարունակէ իր աշխատանքը, համահիմնադիր Թագուհի Կարապետեանի առաջնորդութեամբ։
Մրցաշարքին արձանագրութիւնները պիտի սկսին կ.ա. ժամը 11ին, իսկ մրցաշարքը՝ կ.ե. ժամը 1ին։ Մասնակցութեան սակը, ներառեալ ճաշ եւ ընթրիք, 200 տոլար է։
Տեղեր ապահովելու համար դիմել՝ (949) 212-4105 եւ (617) 901-2271 թիւերուն, կամ այցելել www.Mer-Doon.com կայքը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.