ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան պաշտօնատար մը Ուրբաթ, Մայիս 8ին հաղորդեց, որ սուրիական բանակն ու «Հըզպալլա»ի զինեալները յատկանշական դիրքեր գրաւած են Լիբանանի եւ Սուրիոյ սահմանին վրայ գտնուող Քալամունի լեռնային շրջաններուն մէջ, ինչի շնորհիւ ալ կարելի եղած է Ասալ Ուարտի բարձունքները կապել Քարնա բարձունքներուն:
Բախումները շարունակուած են Ուրբաթ օր, իսկ անոնց ընթացքին սպաննուած են «Հըզպալլա»ի երեք զինեալներ եւ տասնեակներով ահաբեկիչներ։
Նշենք, որ Ասալ Ուարտը իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչներու կեդրոններէն մէկն էր, որ այժմ սուրիական բանակին ու «Հըզպալլա»ի հակակշիռին տակ կը գտնուի: