ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի Ուաշինկթընի մէջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ փոխնախագահ Ճօ Պայտընի հետ իր հանդիպումներէն ետք, Ատլանտեան խորհուրդին եւ Խաղաղութեան ամերիկեան հիմնարկին կազմակերպած մէկ ձեռնարկին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, թէ Իրաքի միութիւնը «կամաւոր է եւ ոչ թէ պարտադիր», սակայն շեշտեց, որ քիւրտերը Իրաքէն անջատուելու անմիջական ծրագիրներ չունին:
«Անկասկա՛ծ, որ անկախ Քիւրտիստանի հաստատումը մօտալուտ է», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Ատիկա ընթացիկ հոլովոյթ մըն է: Կանգ պիտի չառնէ, ետ դարձ պիտի չկատարէ»:
Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Պարզանիի հետ իրենց հանդիպումներուն ընթացքին, Օպամա եւ Պայտըն շեշտած են, որ Ուաշինկթըն «միացեալ, դաշնակցային եւ ժողովրդավարական Իրաքի մը» կ՛աջակցի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.