ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քանի մը օրէ ի վեր համացանցի վրայ ուշադրութիւն կը գրաւէ «Ձեռք ձեռքի՝ Թուրքիա» անունով կայք մը, որ Թուրքիոյ հարցերուն կը մօտենայ ազգայնապաշտ ոգիով, ու Թուրքիոյ իշխանութիւններու տեսակէտներուն պաշտպան կը կանգնի՝ մանաւանդ Հայկական Հարցին գծով։
Կայքին վրայ հրատարակուած է Լալէ Կիւրմանի ստորագրութեամբ գրութիւն մը, ուր ծանր ոճ մը գործածուած է հայերուն դէմ եւ ուր կը պնդուի, թէ «Ցեղասպանութեան մասին պնդող զեղծարար հայերու Թրովայական ձիերը գործի լծուած են, ու քնացող շուները մէկ առ մէկ կ՛արթնցուին»։
Յօդուածագիրի զայրոյթին պատճառը Թուրքիոյ Հոգեբոյժներու միութեան կողմէ Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ հայերու ցաւերը բաժնող հաղորդագրութիւնն է։ Միութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ նշած էր, որ հոգեկան վէրքերը կը դարմանուին միայն անցեալի հետ առերեսումով ու արդարութեան հաստատումով։ «Այնքան ատեն, որ կարելի պիտի չըլլայ հարիւր տարի առաջ պատահածներուն հետ առերեսուիլ, այս երկրի մարդիկը պիտի չկարենան ապրիլ իրարու հանդէպ յարգանքի ու սիրոյ զգացումով։ Մենք կ՛ոգեկոչենք մեր կորուստները», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Հոն կը կրկնուի, որ հարիւր տարի առաջ հայ մտաւորականներ իրենց տուներէն հաւաքուեցան, եւ սկսաւ աղէտներու հոսանք մը, որուն հետեւանքով՝ «այսօր այլեւս երկրի փողոցներուն մէջ չենք հանդիպիր Արամ հօրեղբայրներու, Յակոբ եղբայրներու, Արփենիկ մօրաքոյրերու»։
Կիւրման կը գրէ նաեւ, որ միութիւնը չի գիտեր, որ՝ «Ապրիլ 24ը միայն խումբ մը հայ ահաբեկիչներու ձերբակալութեան թուականն է, այդքա՛ն»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.