ՎԻԵՆՆԱ, «ՓանԱրմինիըն». Մայիս 17ին, Վիեննայի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Եւրոտեսիլ» յոբելենական՝ 60րդ, երգի մրցումին՝ աւելի քան 40 երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Առաջին կիսաեզրափակիչը, երբ ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանը ներկայացնող Genealogy խումբը, տեղի պիտի ունենայ այսօր, Մայիս 19ին, երկրորդը՝ Մայիս 21ին, իսկ եզրափակիչը՝ Մայիս 23ին:
Կը սպասուի, որ այս շաբաթ, 85 երկիրներէ Վիեննա եկած լրագրողներուն թիւը անցնի 1500ը:
Իբրեւ անցեալ տարի յաղթած երկիր, Աւստրիական կողմը ստանձնած է «Եւրատեսիլ-2015»ի պաշտօնական հիւրընկալութիւնը:
Այս տարուան մրցումին, Հայաստանը կը ներկայացնէ Genealogy խումբը, որ կազմուած է երկրագունդի տարբեր ցամաքամասերը եւ Հայաստանը ներկայացնող հայ երաժիշտներէ: Genealogy-ի անդամներն են՝ Ինգա Արշակեան (Հայաստան), Վահէ Թիլպեան (Ափրիկէ), Եսայի Ալթունեան (Եւրոպա), Սթեֆանի Թօփալեան (Ասիա), Մերի- Ճին Օ՛Տոհըրթի Վասմաթզեան (Աւստրալիա) եւ Թամար Գաբրիէլեան (Ամերիկա): Խումբը կը ներկայանայ անգլերէն «Face the shadow» երգով:
«Եւրոտեսիլ-2015» երգի միջազգային մրցոյթի հայաստանեան ներկայացուցիչ Genealogy խումբի մասնակիցները մրցոյթի պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայացան նռան գոյնի հագուստով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.