ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Լոռիի, Տաւուշի եւ Սիւնիքի մարզերու 22 համայնքներուն մէջ 17 Մայիսին տեղի ունեցաւ հանրաքուէ՝ իւրաքանչիւր մարզին մէջ 7-8 գիւղ միաւորելու հարցով: Բայց եւ այնպէս հանրաքուէին արդիւնքը վերջնական ոյժ չունի: Կառավարութիւնը մտադիր է իրականացնել համայնքներու մեծացման ծրագիրը՝ անկախ տեղական հանրաքուէի արդիւնքներէն:
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած նախնական տուեալներուն համաձայն՝ Լոռիի մարզին մէջ 7 համայնքներ Թումանեանի համայնք անունով միաւորելու օգտին «թեր» արտայայտուած է քուէարկութեան մասնակիցներուն 68 տոկոսը կամ 1007 հոգի: Թէեւ գիւղերուն մեծ մասը դէմ եղած է, սակայն ընդհանուր հաշիւներուն մէջ «թեր» ձայները գերազանցած են: Տաւուշի մարզին մէջ 7 համայնքներ Դիլիջանի համայնք անունով միաւորելու օգտին քուէարկած է 1412 անձ կամ քուէարկողներուն 70 տոկոսը: Իսկ Սիւնիքի մէջ 8 համայնքներ Տաթեւի համայնքին մէջ միաւորելու օգտին «թեր» արտայայտուած է մասնակիցներուն 94 տոկոսը կամ 2668 անձ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.