ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 14-16 Մայիսին, Փորթուկալի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան (EPP) Երիտասարդական կազմակերպութեան (YEPP) 10րդ համագումարին ընդունուած է հայերու, պոնտոսցի յոյներու, ասորիներու ցեղասպանութիւնները ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ:
Փաստաթուղթին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան երիտասարդական թեւը կոչ է անում Եւրոպական միութեան, Եւրոպական խորհրդի անդամ պետութիւններին, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններին՝ ճանաչել եւ վերականգնել պատմական իրականութիւնը՝ ի յիշատակ հայոց, պոնտոսցի յոյների եւ ասորիների ցեղասպանութիւնների զոհերի: Բոլոր շահագրգիռ կողմերը ճանաչում են հայերի, յոյների եւ ասորիների ցեղասպանութիւնը եւ Ապրիլի 24ն ընդունում են որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան, իսկ Մայիսի 19ը՝ պոնտոսցի յոյների ցեղասպանութեան յիշատակի օրեր»:
Նշենք, որ Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան Երիտասարդական կազմակերպութեան 10րդ համագումարին կը մասնակցէին 40 երկիրի աւելի քան 250 երիտասարդ առաջնորդներ, որոնց կարգին՝ ՀՀԿ Երիտասարդական կազմակերպութեան պատուիրակները՝ կառոյցի նախագահ Կարէն Աւագեանի ղեկավարութեամբ:
ՀՀԿ ԵԿ նախագահ Կարէն Աւագեան նշած է, որ յունական կողմին ներկայացուցած Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը ընդունուած է միաձայնութեամբ: Ընդ որում, թեր քուէարկած են նաեւ ներկայացուցիչները այն կուսակցութիւններուն, որոնց երկիրները տակաւին չեն ընդունած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
«Աւելի ուժեղ Եւրոպա փոխուող աշխարհին մէջ» խորագիր կրող համագումարին յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է համաշխարհային իրողութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն:
ՀՀԿ երիտասարդական կազմակերպութենէն յայտնած են, որ ԵԺԿ Երիտասարդական կազմակերպութիւնը Եւրոպայի մեծագոյն երիտասարդական քաղաքական կազմակերպութիւնն է: Այս պարունակին մէջ՝ եւրոպական մօտ 40 երկիրի 57 քաղաքական կուսակցութիւններու աւելի քան 1.6 միլիոն երիտասարդներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.