ԵՐԵՒԱՆ.– Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 18 Մայիսին այցելած է Ֆրանսայի արեւելեան մասը գտնուող Ռոնի շրջան եւ հանդիպում ունեցած Վիլէօրպանի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն հետ՝ քաղաքապետ Ժան Փոլ Պրեթի գլխաւորութեամբ: Հանդիպման ընթացքին Վիլէօրպան եւ Շուշի քաղաքներուն միջեւ ստորագրուած է համագործակցութեան համաձայնագիր:
Նախագահ Սահակեան հաստատած է, որ երկու քաղաքներուն միջեւ բարեկամական կապերու հաստատումն ու խորացումը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Շուշիի զարգացման վրայ եւ պիտի նպաստէ քաղաքին մէջ շարք մը ծրագիրներու յաջող իրականացման գործընթացին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.